Որոնել

Աղթամարի եկեղեցին Աղթամարի եկեղեցին 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ:

Ամէն Ինչ Չի՛ Վաճառուիր

Վաճառականները իրարմէ կը տարբերին ո՛չ թէ միայն իրենց վաճառած ապրանքներով, որովհետեւ ատոնք իրենց գործի ներքին բաժանումները կարելի է համարել: Անոնք նաեւ իրարմէ կը տարբերին իբրեւ անձ, իբրեւ մտածողութիւն, իբրեւ վերաբերում եւ իբրեւ նկարագիր:
Այս տարբերութիւնը մարդկային անհատականութեան հետ առնչուած է: Սակայն կայ տակաւին ա՛յլ տեսակի տարբերութիւն, որ կը զատորոշէ վաճառականները իրարմէ: Այդ տարբերութիւնը կը դրուի ամէն տեսակի առարկայ վաճառելու պատրաստակամութիւն ունեցող վաճառականի տեսակին, եւ՝ միայն որո՛շ տեսակի ապրանքներ վաճառելու կեդրոնացում ունեցող վաճառականի տեսակին միջեւ:

Երկուքն ալ վաճառական են եւ ունին իրենց «արհեստին յատուկ գաղտնիքները»:

Վաճառականը բնա՛ւ իր վաճառած առարկաներուն անգործնական, տգեղ, ծուռ ու թերի կողմերը չի՛ տեսներ, հակառակ անոր որ ամբողջական գիտութիւնը կ՛ունենայ այդ ամէնուն:

Վաճառականը իր «արհեստ»ին մէջ այնքան կը յառաջանայ, որ երբեմն կ՛անցնի շողոքորթութեան կողմը: Շատեր խաբուսիկ այն մտածումը ունին, որ իրենց ծանօթ, երբեմն նոյնիսկ ազգականական կապ ունեցող վաճառականներ չե՛ն խաբեր զիրենք: Ուստի, առանց աջ ու ձախ շեղուելու, կամ առանց շատ մտածելու, ուղղակի կը դիմեն իրենց «բարեկամ» վաճառականին: Իսկ այս վերջինս, աւելի «մտերմիկ» ու աւելի «անկեղծ» բացատրութիւններով, շատ դիւրաւ կը յաջողի վաճառել այն առարկաները, որոնք աւելի դժուարաւ պիտի վաճառէր ամբողջովին օտար յաճախորդի…:
Աշխարհը վաճառատունի եւ իրենց դերը վաճառականի գործին հետ շփոթող մարդոց շատ կը հանդիպինք: Սակայն, ամէն ինչ չի՛ վաճառուիր:
Չվաճառուող «ապրանք»ներու շարքին են ծնողները: Այստեղ «վաճառել» բայը, նաեւ «լքել» իմաստով կը հասկցուի, որուն խօսակցական տարբերակը «ծախել» բայով կ՛իմացուի: Այսօրուան քաղաքակիրթ աշխարհը ինչքան ալ խնամատարական միջոցներ ընձեռէ տարեցներու պաշտպանութիւնն ու հոգածութիւնը ստանձնելով, զաւակներու առաջնահերթ պարտաւորութիւնն է հոգալ զանոնք: Նոյն պարտաւորութիւնը կարելի է տարածել նաեւ զաւակներու նկատմամբ:
Նոյն տեսակ «ապրանք»ներու շարքին են նաեւ կրօն, եկեղեցի, ազգութիւն ու հայրենիք, որոնք ո՛չ միայն մասնաւոր գին ու սակ չունին, այլ վաճառելիք «ապրանքներ» չեն, ինչքան ալ ճարտար «վաճառական»ի ձեռքը անցնին ատոնք:
Հայրենիքը այնպիսի արժէք է, որուն արժէքով կը չափուի անոր տէրը նկատուող ժողովուրդը: Սակայն, այն ժողովուրդը որ չի՛ կրնար տիրութիւն ընել իր հայրենիքին, արժանի չէ՛ ատոր արժէքով չափուելու կամ արժեւորուելու: Որովհետեւ անարժան ժողովուրդ մը, ճարպիկ վաճառականին նման դրամագլուխի կը վերածէ իր հայրենիքը, ու օրին մէկն ալ, իր հայրենիքը ծախու կը հանէ:
Ծնողք, զաւակ, կրօն, եկեղեցի, դաւանանք, ազգութիւն ու հայրենիք, չվաճառուող հարստութիւններ են, ինչքա՛ն ալ ճարպիկ ու արհեստավարժ «վաճառականներ»ու ձեռքը անցնին ատոնք: Միշտ, եւ ամէնուն, պէտք է յիշեցնել ըսելով, թէ՝
– Ամէն ինչ չի՛ վաճառուիր:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/07/2019, 10:37