Որոնել

Գրադարանէ մը առնուած լուսանկար Գրադարանէ մը առնուած լուսանկար 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ:

Այս տեսակը սպառելու վրայ Է:

Շատ մօտ անցեալին, երբ տպագրուած գրքի արժէքը բարձր էր եւ դեռ չկային լուսապաստառի վրայ գիրք կարդալու հնարաւորութիւնները, հրատարակչատուներ, երբ իրենց նոր հրատարակութիւններու ետին կը տպագրէին իրենց նախկին հրատարակութիւններուն ցուցակը, անոնցմէ ոմանց դիմաց հպարտութեամբ կը դնէին «սպառած» բառը, ցոյց տալու համար թէ ինչքան ընդունելութիւն գտած էր այդ գիրքը:

Ներկայ ժամանակներուն այդ մտահոգութիւնը ամբողջութեամբ վերացած է, որովհետեւ նոյնիսկ դարեր առաջ տպուած գիրքերը սպառած չեն համարուիր: Անոնց լուսատիպ օրինակները ամէն վայրկեան կարելի է ներբեռնել համացանցի համապատասխան հասցէներէն: Աւելի քան երկու հարիւր տարի առաջ տպուած կամ նոյնիսկ աշխարհի մէջ առաջին տպագրութիւնը համարուող գիրքը կարելի է թերթատել լուսապաստառի վրայ, աւելի յստակ կարդալով անոր տողերը այնտեղէն, քան՝ բուն տպագրուած օրինակին վրայէն: Ուրեմն հրատարակուած գրքի մը սպառած ըլլալը մասնաւոր նշանակութիւն չունի մարդկութեան համար, եթէ տուեալ հրատարակութիւնը օգտագործելու նպատակով միայն զայն պիտի ուզէր ունենալ ուսումնասիրողը:

Տպագրութեան եւ գիրքի աշխարհին մէջ եթէ սպառումի վերոյիշեալ մտահոգութիւնը փարատած է, սակայն բնութեան մէջ այդ մտահոգութիւնը, ընդհակառակը, կը գտնուի իր ամէնէն բարձր աստիճանին վրայ: Ծառահատումն ու օդի ապականութեան խնդիրները կենսոլորտային հարցերու լուծման ժողովասեղանին վրայ են: Տակաւին շատ ուրիշ կենսոլորտային խնդիրներ՝ ջուրի, ծուխի, նաֆթի, լոյսի, ջերմութեան եւ այլ, գիտութեամբ յառաջդիմող մարդուն սիրտը լեցուցած են սոսկալի հետեւանքներու սարսափով: Բնութեան այս կամ այն նիւթին չափազանց շահագործումը, որուն հետեւանքով զգացուած պակասը, աղէտ պիտի դառնայ համայն մարդկութեան համար: Ո՛չ միայն անտառներու չքացումը, այլ այս կամ այն ծառատեսակին սպառումը բնութենէն, դարձեալ մտահոգիչ հանգամանք սկսած է ստանալ:

Կենդանական աշխարհը աւելի ցայտուն օրինակ մըն է մեր ըսածները վերահաստատելու առումով: Բնագէտներ օգտուելով հնագէտներու կատարած պեղումներու արդիւնքէն, ցոյց կու տան որոշ կենդանիներու կմախքներ, որոնք հազարաւոր տարիներ առաջ գոյութիւն ունեցած են աշխարհի մէջ, սակայն անոնց տեսակը սպառած է ժամանակի ընթացքին, նշենք անոնցմէ՝ Մողէսի կամ փիղի ընտանիքին պատկանող կենդանիներ։ Նման կենդանիներու գոյութեան ժամանակաշրջանը պատմող երեւակայական մասնաւոր ժապաւէններ գոյութիւն ունին։

Ինչքան ալ առողջական խնդիրներով յոգնած ըլլայ մարդկութիւնը, դարձեալ կարելի չէ՛ ըսել, թէ մարդու որոշ տեսակը ֆիզիքապէս սպառելու վրայ, կամ սպառած է: Հիւանդութիւններու տեսակներ, որոնք անցեալին եթէ անուն չունէին, այսօր ամենայն մանրամասնութեամբ կը նկարագրուին բժշկութեան կողմէ, բազմաթիւ մարդոց մահուան պատճառ կը դառնան ամէն օր: Մարդու կազմախօսութիւնը ուսումնասիրելով, ոմանք կը հաստատեն թէ մարդ էակը աւելի նրբացած է արտաքնապէս եւ շատ աւելի տկարացած ֆիզիքապէս, քան այն ինչ որ էր անցեալին: Մարդու ֆիզիքական տեսակի սպառման մասին եթէ չենք կրնար խօսիլ, սակայն անոր բնաւորութիւնը ուսումնասիրելով կրնանք հաստատել, որ առաքինութիւններով, ու որոշակի բնաւորութեամբ մարդու տեսակը սպառելու վրայ է, եւ կրնանք ըսել.՝՝ Անկեղծ մարդու տեսակը սպառելու վրայ է՝՝:

Ո՛վ որ հակառակը պնդէ այս հաստատումին, օգտակար պիտի հանդիսանայ որ անկեղծ մարդիկ շատնան այս կեանքին մէջ: Ուրեմն ձեր հակառակախօսութիւնը ինքնին բարեբեր պիտի դառնայ մարդու այս տեսակը շատցնելու վեհ նպատակին:
Իրենց առօրեային մէջ մարդիկ այնքան կը ծեծուին, այնքան կը տուժեն ու այնքան վնասներ կը կրեն նոյնիսկ իրենց հարազատ անձերէ, որ այլեւս բոլորվին կը կորսնցնեն իրենց վստահութիւնը: Ժողովրդային առածը կ՛ըսէ. «Բոլորը միեւնոյն ջուրով մի՛ լուար»: Անշուշտ որ կան անկեղծ մարդիկ, որոնց կարելի է վստահիլ եւ որոնք չեն դաւաճաներ մեզի, ի՛նչ պայմաններու մէջ ալ գտնուին, սակայն մէկ բան կարելի է անվարան յայտարարել, որ անոնց թիւը շատ քիչ է, եւ որոնց տեսակը արդէն իսկ սպառելու վրայ է…:

Երբ «գիրքերու ետին» կարդանք թէ այս մարդու տեսակը սպառած է: Ուրեմն, հոգեւին պէտք է հակառակիլ վերոյիշեալ հաստատումին եւ «ո՛չ» ըսել անոր: Այս «ո՛չ»ը պիտի օգնէ, որ անկեղծ մարդու տեսակը բազմանայ: Մեր որոշումէն կախեալ է այդ: Սակայն թէ կ՛ուզենք անկեղծ մարդու տեսակը բազմացնել, պէտք է սկսինք մեր անձէն: Ե՛ս պիտի դառնամ անկեղծ մարդ, որպէսզի շատնայ այս տեսակը: Խնձորները ծառին վրայ իրարու նայելով կը կարմրին, կ՛ըսեն…: Բարոյական աշխարհը բնութենէն տարբեր չէ՛: Մարդը բնութեան ամէնէն հարազատ մասնիկն է իր բոլոր բջիջներով:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/06/2019, 11:52