Որոնել

Մեսրոպեան Վարժարան Մեսրոպեան Վարժարան 

Հոգեւոր կրթութեան ձեռնակներ Մեսրոպեանի մէջ:

Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ կայացան պատարագներ եւ հոգեւոր կրթութեան առանձին լսարաններ` աշակերտներու, ծնողներու եւ ուսուցչական կազմին համար:

Մեծ Պահքի եւ յատկապէս Աւագ Շաբթուան ընթացքին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ տեղի ունեցան շարք մը ձեռնարկներ եւ հոգեւոր կրթութեան հանդիպումներ` արծարծելու համար քրիստոնէական սիրոյ, համերաշխութեան եւ իրարօգնութեան ապրումներն ու մտածումները վարժարանի աշակերտութեան, ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն մէջ:
Այս նպատակին ուղղուած գործունէութիւնը ընթացաւ վարժարանի հոգեւոր տեսուչ Տէր Ռաֆֆի քահանայ Յովհաննէսեանի ղեկավարութեամբ, աջակցութեամբ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ փոխ եւ օժանդակ ժողովրդապետներ Հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեանի եւ Հայր Խաչիկ վրդ. Գույումճեանի:
11 Մարտէն սկսեալ եւ Մեծ պահքի ամբողջ ընթացքին, վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ դրամահաւաքի. յատուկ այս առիթով պատրաստուած սնտուկներուն մէջ աշակերտներ եւ անձնակազմի անդամներ ձգեցին իրենց նուիրատուութիւնները, որոնք տրամադրուեցան “Զուարթնոց” կեդրոնին:
Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ կայացան պատարագներ եւ հոգեւոր կրթութեան առանձին լսարաններ` աշակերտներու, ծնողներու եւ ուսուցչական կազմին համար, որոնց ընթացքին Տէր Ռաֆֆի քահանան եւ մասնակից հոգեւորականները մեկնութիւններ ներկայացուցին Յիսուս Քրիստոսի Չարչարանքներուն, Խաչելութեան եւ Յարութեան մասին Աւետարանական գրութիւններուն, շեշտելով այդ բոլորէն բխող պատգամներուն կարեւորութիւնը մարդկութեան եւ քրիստոնէաներուն համար: Անոնք շեշտեցին, որ Յարութիւնը իւրաքանչիւր անձին կ’ընծայէ նոր կեանք մը ընտրելու պատեհութիւնը` յաղթահարելու համար մարդկային եսասիրութիւնը, շահախնդրութիւնը եւ բռնութիւնը, եւ փոխարէնը ամրապնդելու սիրոյ, հաշտութեան եւ խաղաղութեան ոգին: Պատարագներուն մասնակից աշակերտներ եւ ուսուցիչներ հանդէս եկան Մեծ Պահքի եւ Սուրբ Յարութեան մասին խորհրդածութիւններով:
Նոյն ժամանակամիջոցին, Տէր Ռաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան, Հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեան., Հայր Խաչիկ վրդ. Գույումճեան, Հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեան, Հայր Վարագ վրդ. Պէրպէրեան եւ Տէր Կարապետ քհնյ. Թադէոսեան ընդունեցին աշակերտներուն խոստովանութիւնները, այդ առիթով անոնց փոխանցելով իրենց խորհուրդները` քրիստոնէավայել կեանք վարելու վերաբերեալ:
Տեղեկատուական գրասենեակ

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/04/2019, 09:21