Որոնել

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ: Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ:  

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ:

Խաչի Բարձունքէ՛ն Նայէ Ստորայիններուն

Դժուարութիւններ, կամ ՝՝խաչեր՝՝ ինչպէս ժողովուրդը կը սիրէ ըսել, ամէնքս ալ ունինք, եւ զանոնք կրելու պարտաւորութեան դիմաց կը գտնուինք, որովհետեւ կեանքէն փախուստ չենք կրնար տալ:
Յիսուսի մտածողութեան մէջ կարեւոր տեղ ունի այն գաղափարը, ըստ որուն, մինչեւ վերջ համբերողն է որ պիտի փրկուի, ապրի կամ յաղթանակէ:
Ան, որ մինչեւ վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի՝ փրկուի: «Ապրիլ» կամ «փրկուիլ», ունի անշուշտ իր ներկայ ու վախճանաբանական իմաստները: Այնքան ատեն որ այս կեանքին մէջ ենք, կ’ապրինք հասարակաց ընկերային կեանքով, փոխ-յարաբերական կեանքի երբեմն այնքան բարդ կացութիւններու մէջ կը գտնուինք, բնականաբար ապրիլ կամ փրկուիլ բացատրութիւնները, նաեւ կը վերաբերին այս կեանքին:

Ընկերային մեր կեանքը, որ Քրիստոսի ուսուցած վարդապետութեան համաձայն, եղբայրասիրութեան, ընկերասիրութեան, գութի ու կարեկցութեան, խոնարհութեան ու հեզութեան կեանք մը պէտք է ըլլար, ամէնուս վկայութեամբ կարելի է հաստատել, որ հեռացած է այդ սկզբնատիպ ու քրիստոսատիպ օրինակէն, ու դարձած՝ անհանդուրժողութեան կեանք մը: Այլեւս չենք ուզեր տեսնե՛լ մեր կողքին կեցող անձը: Չենք ուզեր ընդունի՛լ ուրիշին կարողութիւնը, չենք ուզեր ուրախանա՛լ ուրիշին յաջողութիւններով: Սա անհանդուրժողութեա՛ն կեանք է, ուր մարդիկ իրարու եղբայրանալու փոխարէն, նախանձով կը լեցուին իրարու նկատմամբ, ու կը ջանան վնասել, քանդել, կործանել, աւերել ինչ որ իր նմանին ստացուածքն է, փառքն է, վարկն է, պատիւն է, անունն է ու վաստակը:
Անհանդուրժողութենէն կը ծնին ամէն տեսակ չարիք ու նեղութիւն, որոնք մեր ապրած կեանքը կը վերածեն անշնչելի միջավայրի: Սակայն, Քրիստոս խաչ բարձրացաւ ոչ միայն ընդունելով մեր բոլոր տկարութիւնները, ոչ միայն հանդուրժելով մեր գոյութեան, այլ մեզի հետ նոյնանալ ու մարդ դառնալ յանձն առնելով: Աստուած մարդացաւ, խոնարհեցուց ինքզինք, նուաստացուց իր անձը, հանդուրժեց այդ խոնարհութենէն գալիք ամէն դժուարութիւններուն:
Ամէնքս ալ գիտենք, որ համբերութեան շունչը մարդ արարածին, շատ կարճ է: Ամէն ինչ շուտով կ’ուզենք ունենալ, շուտով լուծումներ գտնել մեր հարցերուն: Եւ երբ ուշանան այդ լուծումները, մեզմէ շատեր կը յուսահատին, կը տրտմին, կը վշտանան, նոյնիսկ կը բողոքեն Աստուծոյ: Սա քրիստոնէական ձեւը չէ՛ կեանքի պայքարին: Անոր օրինակը Քրիստոս տուաւ Խաչին վրայ՝ իր համբերութեամբ: Կրնա՞ք երեւակայել, Աստուծոյ համար խաչը բարձրանալը ի՜նչ անարգական երեւոյթ էր: Իր ստեղծած մարդուն կողմէ ձաղկուիլ, ապտակուիլ, ծաղրուիլ եւ սպաննուիլ: Սակայն իր խաչելութեամբ մեր ունեցած մեղքի պարտամուրհակը պատռելով, Աստուածորդին նաեւ ցոյց տուաւ, որ ներկայ թէ յաւիտենական կեանքի մէջ յաղթանակ տանելու լաւագոյն ձեւը՝ համբերութիւնն է:
Խաչը՝ տառապանք, նեղութիւն, անարգանք ու ձաղկում, համահաւասար են բարձր դիրքի: Արդարեւ, խաչը ուղղահայեաց երբ կանգնեցնեն, ինքնին բարձունք կը ստեղծուի՝ անոր վրայ խաչուած անձին համար:
Միթէ նոյնը չպատահեցա՞ւ Յիսուսի պարագային: Զայն խաչ բարձրացնելէ առաջ ինչքա՜ն անարգեցին, ապտակեցին ու ծաղրեցին: Սակայն անգամ մը որ խաչ բարձրացուցին, այլեւս յագեցաւ անոնց ատելութիւնն ու վրէժխնդրութիւնը, եւ հանդարտեցան կիրքերը. ունենալով այն համոզումը, որ խաչով վերջ մը դրին այդ «մարդուն» անօրէնութիւններուն:

«Հա՛յր, ներէ՛ անոնց, որովհետեւ չեն գիտեր թէ ի՛նչ կ’ընեն» ըսաւ Յիսուս։
Սա աստուածային ներողամտութիւն է, որուն հասնելու համար ինչքա՜ն պէտք է խոնարհեցնէ մարդ իր անձը, ու հնազանդութիւն արտայայտէ Աստուծոյ կամքին՝ ինչպէս Յիսուս ըրաւ:
Մեզմէ սպասուածը երբեմն նուազագոյնն է, զոր չենք ուզեր կատարել սակայն: Խաչի բարձունքէն պէտք է նայիլ ստորայիններուն, որոնք թէկուզ շարունակեն իրենց ձաղկումը, սակայն պիտի չկարենան դպչիլ քեզի:

Խաչի բարձունքէն նայէ՛ ստորայիններուն, ոտքերուդ շուրջ համահաւաքուած թշուառականներուն, որոնց անարգանքը պիտի դառնայ ոչնչութիւն, յար եւ նման իրենց դատարկ անձերուն:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/04/2019, 08:07