Որոնել

Խոր Վիրապի վանքը Խոր Վիրապի վանքը 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ:

Սկրթուած Դէմքով

Դէմքը մարդոցմէ պահելու քանի մը պատճառներ ունի մարդ: Չկարծէք թէ այդ պատճառներէն առաջինը գեղեցկութեան պակասն է, այսինքն տգեղութիւնը:

Ո՛չ: Եթէ այդ ըլլար պատճառը, շատե՜ր անձնասպանութեամբ վերջ տուած պիտի ըլլային իրենց կեանքին:
Բայց կը տեսնենք, որ նոյնիսկ զազրելի դէմքով մարդիկ բարձր պաշտօններու կը տիրանան, բեմի վրայ աստղեր կը դառնան իրենց ունեցած մէկ այլ շնորհքին պատճառաւ կամ տարբեր պատասխանատուութիւններ կը ստանձնեն, մեծ յաջողութիւններու հասնելով: Ուրեմն, դէմքին տգեղութիւնը պատճառ մը չէ՛ հանրութենէն պահուելու կամ հեռանալու:
Բոլորս ալ գիտենք, որ մարդուն ամէնէն երեւելի բաժինը, որով ան պիտի ներկայանայ հանրութեան կամ աշխարհին, դէմքն է: Ներկայ բժշկագիտութիւնը որքա՜ն նուրբ նշդրակներով կը ճեղքէ ու կը կոկէ մարդու դէմքին անճոռնի կամ տգեղ մասերը, սկսեալ ամէնէն ցցուն մասէն՝ քիթէն, աւելի ներկայանալի դարձնելով դէմքը: Այս բարեփոխութիւններուն եւ գեղագիտական ձեւաւորումներուն հոգեբանական ազդեցութիւններուն մասին անդրադարձ կատարելը մեր նիւթը չէ։

«Դէմքը պահել», «դէմքը ծածկել» եւ նման այլ արտայայտչաձեւեր կը գործածուին խօսակցական եւ գրական լեզուի մէջ, բացատրելու համար անձի մը բարոյական իրավիճակը:
Աստուածաշունչ մատեանը մեր բարոյական ըմբռնումներուն եւ մարդկային կեանքը զսպանակող սկզբունքներուն աղբիւրը ընդունելով կրնանք մէջբերել, բացատրելու համար վերոյիշեալ հաստատումը:
Դրախտի երանութեան մէջ մարդուն մեղանչումին յաջորդած պատկերը, զոր կը կարդանք Սուրբ Գիրքի էջերուն մէջ, Աստուծոյ աչքէն կամ ներկայութենէն պահուըտելու մարդուն վախն է, որ բացայայտօրէն յանցանք մը գործած ըլլալուն հետեւանքով անոր զգացած երկիւղն է (Հմմտ. Ծն 3.9-10):

Ինչո՞ւ ծառերու ետին պիտի պահէր մարդը ինքզինք, եթէ յանցանք մը գործած չըլլար: Ինչո՞ւ ան վախնար Աստուծմէ, եթէ Անոր պատուիրաններէն մէկը կամ միւսը անտեսած չըլլար: Ինչո՞ւ անհնազանդութեան զգացումով մորմոքէր սիրտը անոր, եթէ հնազանդութեան ոգիին դաւաճանած չըլլար: Ինչո՞ւ ամօթխածութեան կրակը այրէր հոգին, եթէ անամօթութեան մեղքով պատռուած չըլլար անոր դէմքին սրբութիւնը: Մէկ խօսքով՝ տագնապ մը անպայման ունի իր դրդապատճառները, որոնք կը կարմրեցնեն մարդկային դէմքը ամօթի զգացումով, զայն առաջնորդելով ցաւալի խղճահարութեան ու խոնարհեցնող զղջումի:

Դէմքին զգայուն ըլլալուն պատճառներէն մէկն ալ յատկապէս աչքերուն՝ անոր վրայ տեղադրուած ըլլալն է: Լսուած խօսք է, թէ աչքերն ալ «կը խպնին», որովհետեւ ամօթի զգացումին հետ, անոնք ալ կը խոնարհեցնեն իրենց հայեացքը, գետին կը սեւեռեն մարդուն նայուածքը, վար կ՛առնեն անոր կոպերը, առաւել շեշտելով կարմրցող այտերուն հետ զուգահեռ զգացուող պարտադիր ամօթխածութիւնը:

Մարդկային դէմքին այսքան զգայնութեան բնական ընթացքին հակառակ, կայ նաեւ անոր անզգայ կամ անամօթ տեսակը, զոր սովորաբար կը կոչենք սկրթուած դէմք:
Սկրթուած դէմքով մարդիկ ի ժամու եւ ի տարաժամու պատրաստ են իրենց եսին համար պայքար մղելու, արիւնահեղութեան իսկ գնով: Անոնց համար ժամ կամ պահ, առիթ կամ հնարաւորութիւն՝ պայմաններու կամ պարագաներու յարմարութեան խնդիր չեն, այլ նոյն պահու սեփական որոշումի հարցեր են:

Միայն սրբութեան շղարշով պատուած դէմք ունեցող մարդիկ կը ճանչնան մէկզմէկու ազատութեան սահմանները, փոխադարձ յարգանքի ոգի ցուցաբերելով իրարու նկատմամբ:
Սկրթուած դէմքով անձեր նաեւ «գիտնական» կ՛ըլլան: Ընդհանուր զրոյցի մէջ պարտադիր ունկնդրութիւն կը պահանջեն, յիմարաբար խորհելով որ իրենց ըսածը միշտ ճիշդը կ՛ըլլայ: Փառքի ծարաւ, ու մանաւանդ ատոր մուրացկանը դառնալու ինքնակոչ կամաւորներ են սկրթուած դէմքով անհատները: Փառքի մրցանիշը միայն սկրթուած դէմքով անձերու մօտենալով կարելի է չափագրել, առանց վերջնական չափանիշը յայտարարել կարենալու, որովհետեւ սկրթուած դէմքով մարդիկ միշտ զիրար պիտի գերազանցեն մարդկութեան յառաջիկայ պատմութեան բոլոր ժամանակներուն, անշնչելի իրավիճակ ստեղծելով ամօթի զգացողութեամբ իրենց բարոյական ներկայութիւնը ունեցող մարդոց շրջանակին մէջ:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/04/2019, 08:23