Որոնել

Վանի հայկական եկեղեցին Վանի հայկական եկեղեցին 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ. «Դրախտին Ճամբաները»:

Մարդկային սիրտն է, որուն բիւրեղութեան, ոսկեղէն մաքրութեան մէջ Աստուած արժէք կը տեսնէ:

Դրախտն ու դժոխքը երկու տարբեր վայրեր են քրիստոնէական կրօնքին մէջ: Այլ կրօնքներ եւս ունին նման հաւատալիքներ: Վարձատրութեան ու պատիժի ընդհանուր շրջագծէն ներս կ’իմացուին այդ երկու վայրերը, մէկը արժանավայել գնահատանքներու ակնկալիքով, իսկ միւսը աներեւակայելի տանջանքներու սարսափով պարուրուած:
Այսօր պիտի անդրադառնանք դրախտային վայրին հետ կապուած դրուագի մը, որ բարոյագիտական իմաստով մեծ արժէք ունի, նիւթեղէն աշխարհին նկատմամբ մարդուն անկուշտ վերաբերումը սանձելու միտող:

Կեանքը ինք ցոյց կու տայ մեզի, թէ դէպի դրախտ առաջնորդուելու համար մարդ պէտք ունի ցուցատախտակներու: Անոնք կողմնացոյցներ ըլլան թէ պարզ ուղենիշներ, մեր քայլերը կրնան ճշդել դէպի ուղիղ ճամբայ, հասնելու համար Աստուածատունկ այն պարտէզը՝ եդեմական դրախտը, ուր նախքան իր մեղանչումը, մարդը կ’ապրէր երջանիկ կեանքով:
Եկեղեցին մեծ ու կարեւոր կողմնացոյց մըն է այս առումով: Աստուածաշունչը եւ կենդանի քարոզութիւնը դարձեալ կողմնացոյցներ են, որոնք չորս ուղղութեան մէջտեղ շփոթ մնացած ու անորոշութեան մատնուած մարդուն յստա՛կ ճամբայ ցոյց կու տան, հիւսիսը-հարաւը, եւ արեւելք ու արեւմուտքը նշելով անոր դիմաց:

Սակայն, քրիստոնէական կրօնքին հետեւորդները լաւ գիտեն, որ դէպի դրախտ առաջնորդող ճամբուն մէջ աւելի դիւրին է քալել ոտնահետքերու նայելով, քան՝ ցուցատախտակներուն…: Մարդոց օրինակը շատ աւելի խօսուն է, քան չոր փայտ մը, կամ երկաթի հարթ մակերես մը, որուն վրայ ուղղութիւններ գրուած ըլլան:
Աստուածաշունչը եւս չոր թուղթի խուրձ մը պիտի ըլլար, եթէ անոր մէջ Աստուծոյ ընտրեալ մարդոց կողմէ Անոր պատգամները արձանագրուած չըլլային փոխանցուած եւ այդ ընտրեալ մարդոց հաւատքի փորձառութիւնները: Այդ փորձառութիւնները լաւագոյն կերպով դրոշմուած ոտնահետքեր են, որոնց վրայէն քալելով, շատ աւելի դիւրին է գտնել դրախտին ճամբան:
Քրիստոս միայն ճշմարտութեան մասին չխօսեցաւ, այլ՝ ան ճշմարտութի՛ւնը խօսեցաւ:
Ան միայն չխօսեցաւ կարեկցութեան մասին, այլ՝ ի՛նք կարեկից դարձաւ անկեալին, զրկեալին, անիրաւուածին ու անպաշտպանին:
Ան միայն չխօսեցաւ ողորմածութեան մասին, այլ ի՛նք ողորմեցաւ աղքատին ու անտունին:
Ուստի ինչքա՜ն աւելի դիւրին է Յիսուսի ոտնահետքերուն վրայ կոխելով մտնել դրախտ, քան ցուցանակները կարդալով, փնտռել անոր ճամբան:

Դրախտի ու դժոխքի գաղափարները, իրենց լայն իմացումով, երկնային ու երկրային երկու վիճակներու կ’անդրադառնան: Այս երկուքը, եթէ ոչ իրարու հակադիր, սակայն գէթ իրարու անմիազանցելի իրականութիւններ են: Ինչ որ հոգեկան իրականութիւն է, իր աննիւթեղէն ու յաւիտենական բնոյթով, գերակշիռ է նիւթեղէնին վրայ, որ ժամանակաւոր է, վաղանցուկ է ու ապականացու:
Յիսուսի մտածողութեան մէջ յստակ է այն տեսակէտը թէ պէտք է մարդ գանձեր դիզէ երկնքի մէջ եւ ոչ թէ երկրի վրայ, «ուր ցեցը ու ժանգը կ’ապականեն, եւ ուր գողերը պատը կը ծակեն ու կը գողնան» (հմմտ Մտ 6.19):
Իսկ երկնքի մէջ դիզուած գանձը փճացող տեսակէն պէտք չէ ըլլայ բնականաբար, այլ՝ աննիւթեղէն, հոգեկան: Ճիշդ է, որ բարիքին արդիւնքը կը տեսնենք այս երկրի վրայ, սակայն բարիքը ինք՝ գործողին հաշւոյն գանձուող հոգեկան հարստութիւն մըն է, որ կը դիզուի երկնքի մէջ:

Յայտնութեան գրքին մէջ կ’ըսուի, թէ «քաղաքին հրապարակը մաքուր ոսկի էր թափանցիկ ապակիի նման» (հմմտ Յյտ 21.21): Այդ մասին քրիստոնէական մեր հաւատքը նաեւ կ’ըսէ, թէ այնպիսի փառք մը կը սպասէ ընտրեալներուն, որ «ոչ մէկ աչք տակաւին չէ տեսած» (հմմտ Ա.Կր 2.9):
Դրախտին ճամբաները ոսկեպատ ըլլան եւ կամ արծաթապատ, անոնք պարզապէս ասֆալթ են, որոնց վրայէն քալելով, պիտի կոխոտենք միայն: Մարդկային սիրտն է, որուն բիւրեղութեան, ոսկեղէն մաքրութեան մէջ Աստուած արժէք կը տեսնէ: Իսկ հոն հասնելու համար, ոսկեղէն ճամբաներէ անցելու կարիք չունիս, այլ՝ առաքինութեանց երբեմն փշոտ ու փոշոտ ճամբաներէն, ուրկէ պիտի անցնիս ոտքերդ արիւնելով ու ցեխոտելով…:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/02/2019, 08:00