Որոնել

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին արձանը Վատիկանի պարտէզներուն մէջ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին արձանը Վատիկանի պարտէզներուն մէջ 

Վանականութիւնը հայոց պատմութեան հոլովոյթին

Այսօր կը շարունակենք անդրադառնալ սուրբ ճգնաւորներու կեանքին։

Պատրաստեց Հայր Ներսէս Սագայեան

Նախորդ հաղորդումին մէջ ներկայացուցինք անապատի հայրերու կեանքէն դրուագներ որոնք բովանդակուած են «Վարք Հարանց» հաւաքածոյին մէջ։ Այսօր կը շարունակենք անդրադառնալ սուրբ ճգնաւորներու կեանքին։

Անգամ մը Հայր Արսէնը կʼանցնէր եղեգնուտի մօտէն, երբ եղեգները շարժեցան հովէն։ Ծերը հարցուց իր հետ քալող եղբայրներուն՝ ʼԱյս ի՞նչ աղմուկ էʼ։ Եղբայրները պատասխանեցին՝ ʼԵղեգները հովէն կը շարժինʼ։ Հայր Արսէնը անոնց ըսաւ՝ ʼԻր խուցի մէջ լռութեամբ նստողը անհատը, եթէ թէկուզ լսէ թռչունի մը ձայնը, ուրեմն սրտին մէջ չունի այդ լռութիւնը, ինչպէս դու՛ք, որ կը լսէք եղեգնուտի խշշոցըʼ։

Անգամ մը, երբ Հայր Արսէնը դեռ Կանոպոսի մէջ կը բնակէր, Հռոմէն ծերակուտականի մը մեծահարուստ եւ աստուածավախ կոյս դուստրը եկաւ տեսնելու Հայր Արսէնը։ Թէոփիլոս եպիսկոպոսապետը ընդունեց կոյսը, եւ աղջիկը աղաչեց անոր որ համոզէ ծերը որ ընդունի զինք։ Հայր Թէոփիլոս գնաց ծերին մօտ, աղաչեց անոր եւ ըսաւ՝ ʼԿոյս մը եկած է, որ Հռոմի ծերակուտականներէն մէկուն աղջիկն է եւ կʼուզէ ձեզ տեսնել եւ ձեր կողմէ օրհնութիւն ընդունիլ։ʼ Հայր Արսէնը չհամաձայնեցաւ ընդունիլ զայն։ Եւ երբ Թէոփիլոսը աղջկան ըսաւ, որ ծերը չհամաձայնեցաւ ընդունիլ զայն, աղջիկը հրամայեց պատրաստել երիվարը՝ այսպէս ըսելով՝ ʼԿը հաւատամ Աստուծոյ, որ պիտի տեսնեմ զայն, որովհետեւ չեկայ այստեղ մարդ տեսնելու, իմ քաղաքիս մէջ ալ շատ մարդիկ կան, այլ եկայ մարգարէ տեսնելու։ʼ Եւ երբ եկան ծերի խուցին կողմը, Աստուծոյ շնորհքով ծերը անոնց հանդիպեցաւ դուրսը, իսկ աղջիկը զայն տեսնելուն պէս ինկաւ անոր ոտքերը։ Ան բարկութեամբ վեր բարձրացնելով՝ նայեցաւ անոր եւ ըսաւ՝ ʼԵթէ իմ երեսս կը կամենաս տեսնել, ահա տեսարʼ։ Իսկ աղջիկը ամօթէն չնկատեց անոր դէմքը։ Ծերը ըսաւ անոր՝ ʼՉե՞ս լսած իմ գործերուս մասին, որովհետեւ այդ կարեւոր էր տեսնել։ Ինչպէ՞ս համարձակեցար ծովը անցնիլ, չե՞ս գիտեր, որ կինարմատ ես եւ քեզի վայել չէ երթալ այն կողմ։ Հիմա ալ թերեւս վերադառնաս Հռոմ եւ ըսես ուրիշ կիներու, թէ՝ տեսայ Արսենիոսը, եւ ծովով ճանապարհ ցոյց տաս անոնց, որ գան իմ մօտսʼ։ Ան պատասխանեց՝ ʼԵթէ Աստուած կամենայ, ոչ մէկուն թոյլ չեմ տար գալ այստեղ, դուն միայն աղօթէ ինծի համար եւ միշտ յիշէ զիսʼ։ Ծերը ըսաւ կնոջը՝ ʼԵս կʼաղօթեմ Աստուծոյ, որպէսզի ջնջէ քու յիշատակդ իմ սրտէսʼ։ Այս լսելով՝ աղջիկը հեռացաւ խռոված։ Երբ քաղաք եկաւ, սկսաւ տրտմութենէն ջերմիլ։ Եպիսկոպոսապետին տեղեկացուցին, թէ այդ կոյսը հիւանդ է։ Հայր Թէոփիլոսը, գալով անոր մօտ, հարցուց, թէ ի՛նչը կը ցաւի։ Եւ ան ըսաւ՝ ʼԵրանի եկած չըլլայի այստեղ, որովհետեւ երբ ծերին ըսի, թէ՝ Յիշէ՛ զիս, ան ըսաւ՝ կʼաղօթեմ Աստուծոյ, որ քու յիշատակդ ջնջուի իմ սրտէս, եւ ահա ես տրտմութենէն կը մեռնիմʼ։ Եպիսկոպոսապետը ըսաւ. ʼՉե՞ս գիտեր, որ կինարմատ ես, իսկ թշնամին կիներու միջոցաւ կը պատերազմի սուրբերու դէմ. ատոր համար է որ ծերը ըսաւ այդ խօսքը, բայց քու հոգիիդ համար հանապազ կʼաղօթէʼ։ Եւ առողջացան կոյսին խորհուրդները, եւ ուրախութեամբ վերադարձաւ իր տեղը։

Հայր Մովտոյիսը ըսած է՝ ʼԵթէ կը կամենաս բնակիլ անապատի մէջ, կամ այլ տեղ մը, ուր չի հասնիր ամբոխը, կամ վանքի մէջ՝ բազում եղբայրներու հետ, եւ որեւէ մէկը հիւր գայ այնտեղ, դուն պարտաւոր ես ընդունիլ զայն, որովհետեւ ան հանգստեան տեղ չունի, իսկ եթէ բազմութեան հետ ես եւ չես ընդունիր զայն՝ քու մտածումներդ քեզ թող չնեղեն, որովհետեւ ան ուրիշ տեղ կը գտնէ հանգիստի համար, իսկ եղբայրներու բազմութիւնը քեզի հովանի կʼըլլայ, եւ կարող ես ապահով հանգչիլʼ։

Հայր Բիտիմը ըսած է՝ ʼԱնգամ մը ինծի քիչ մը խնձոր տուին, որպէսզի տանիմ ծերին։ Ես բախեցի դրացի Հայր Աքիլայի դուռը, որ տայ անոր։ Ան ներսէն ըսաւ՝ ʼԵղբայր, իսկապէս չեմ ուզեր այս ժամուն իմ դուռը բախես, թէկուզ խնձորներդ ոսկեայ ըլլան, եւ ուրիշ խուցեր ալ մի՛ երթարʼ։ Եւ ես խնձորները տարի եկեղեցի։

Հայր Արսէնի մասին կը պատմէին, թէ անոր խուցը եկեղեցիէն երեսուներկու մղոն հեռու էր, եւ ծերը հազուադէպօրէն դուրս կու գար, որովհետեւ ուրիշները անոր սպասաւորութիւն կʼընէին։ Եւ երբ աւերուեցաւ Սկետէն, լալով դուրս եկաւ եւ ըսաւ՝ ʼԱշխարհը կորսնցուց Հռոմը, իսկ մենակեացները՝ Սկետէնʼ։»

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/11/2018, 08:23