Որոնել

Սուրիոյ մէջ կործանուած եկեղեցի Սուրիոյ մէջ կործանուած եկեղեցի 

Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն. «Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու գոյատեւումը բոլորիս պարտականութիւնն է»։

Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն բարեսիրական հաստատութիւնը Սուրիայի քրիստոնեաներու համար մշակած է երեք ծրագիրներ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն» Քահանայապետական իրաւասութեամբ բարեսիրական հաստատութիւնը այս տարի եւս Ծննդեան իր քարոզարշաւը նուիրած է Սուրիայի ու յատկապէս Սուրիացի քրիստոնեաներուն ի նպաստ աջակցութեան։

Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն» իտալիոյ մասնաճիւղի տնօրէն՝ Տիար Ալեսսանտրօ Մոնթէետուրօ այս առթիւ հաստատած է թէ «Սուրիայի մեր քրիստոնեայ եղբայրներն ու քոյրերը այսօր աւելի քան երբեք կարիքն ունին մեր օգնութեան, հակառակ որ իտալական ու միջազգային լրատուութեան դաշտին մէջ քիչ կը խօսուի այս հարցի մասին։ Արգիլել որ Միջին արեւելքը պարպուի քրիստոնեայ ներկայութիւնէն մեր բոլորիս պարտականութիւնն է»։

Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն բարեսիրական հաստատութիւնը Սուրիայի քրիստոնեաներու համար մշակած է երեք ծրագիրներ՝ Առաջինը Լաթաքիայի մէջ, ուր 1725 ընտանիքներուն պիտի բաժնուին ուտեստեղէնի ծրարներ։ Անոնցմէ 1090 ընտանիք տակաւին կ՛ապրին իրենց փլատակ տուներուն մէջ, մինչ 635-ը տնանկ են ու կ՛ապրին հետին աղքատութեան եզրին։

Երկրորդ ծրագիրը յատկացուած Հալէպի 700 հիւանդներուն ու անոնց խնամքին ու դարմանումին, մինչ երրորդը՝  յատկացուած մանուկներուն որոնք Սուրիական հակամարտութեան առաջին զոհերն են։ Այս ուղղութեամբ Քահանայապետական հաստատութիւնը յանձն առած է վերակառուցել Ֆրանչիսկեան Միաբանութեան քոյրերու պատկան «La Sorgente – Ակնաղբիւրը» անուամբ մանկապարտէզը, ուր կը հիւրընկալուին ու կը խնամուին ջղային հիւանդութենէ տառապող 15 մանուկներ։

«Այս եօթը ու կէս տարուայ պատերազմի ընթացքին հարիւր հազարաւոր քրիստոնեաներ հեռացան Սուրիայէն, եթէ ոչ մէկը անոնց օգնութեան հասնի շատ աւելի քրիստոնեաներ եւս պիտի թողուն այդ երկիրը ու մենք առ յաւէտ պիտի կորսնցնենք մեր արմատները» հաստատած է միշտ Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն» իտալիոյ մասնաճիւղի տնօրէն՝  Ալեսսանտրօ Մոնթէետուրօ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/11/2018, 10:13