Սուրբ Կոյս Մարիամի վարդարանը բոլորիս աղօթքը:
Սուրբ Կոյս Մարիամը մեծ դեր ունի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ: Ասոր համար եկեղեցին իրեն տրամադրած է շատ մը տօներ ինչպէս մայիս ամիսը եւ Հոկտեմբեր ամիսը որ նուիրուած է սուրբ վարդարանին:
ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետը պաշտօնապէս հրաւիրեց բոլոր Կաթողիկէ հաւատացեալները եւ մանաւանդ փոքր մանուկները իրեն հետ աղօթելու վարդարանը, աշխարհի խաղաղութեան եւ եկեղեցւոյ անդօրութեան համար:
Սուրբ վարդարանը դարերու ընթացքին դարձաւ այն աղօթքը որ մեզ աւելի կը մօտեցնէ Տէր Յիսուս Քրիստոսին: Այդ պատճառաւ շատ մը հաւատացեալներ կը պահեն վարդարանը իրենց մօտ իրենց կեանքը պաշտպանելու համար :
Ս. Յովհաննէս Պօղոս երկրորդ քահանայապետը յաճախ կ՛ըսէր ամենագեղեցիկ եւ նախնտրելի աղօթքս է սուրբ վարդարանը, որովհետեւ համեստ եւ խոր է իր իմաստով եւ մեզի կը ներկայացնէ Յիսուսի կեանքը 4 խորհուրդներու մէջ, որոնց ընդմեջէն կ՛ապրինք Յիսուսի կապը իր մօր հետ: Ս. Կոյսին առջեւ կը դնենք մեր անձնական կեանքի դժուարութիւններն ու ուրախութիւնները: Այսպէսով, մարդկային մեր կեանքը կ՛ապրինք վարդարանի աղօթքին մէջ:
Քրիստսի չորրորդ դարէն սկսեալ կրօնաւորները ժամերգութին սկսան աղօթել, ծանր հիւանդ կամ կոյր կրօնաւորները կ՛աղօթէնին հայր մերի աղօթքը եւ 150 ողջոյն քեզ Մարիամ այն ձեւով ծնունդ առաւ վարդարանի ջերմեռանդութիւնը: Ողջոյն քեզ Մարիամ աղօթքը կազմուեցաւ Ս. Գիրքի եւ եկեղեցւոյ խօսքերէն:
Ողջոյն քեզ Մարիամ աղօթքի առաջին մասը, նոյնինքն Գաբրիէլ հրեշտակապետին բերնէն էր երբ ըսաւ «ողջոյն քեզ Մարիամ լի շնորհօք, Տէր ընդ Քեզ» եւ ապա Եղիսաբէթի բերնով երբ կ՛ըսէր «օրհնեալ Ես Դու ի կանայս եւ օրհնեալ է պտուղ որովայնի Քո Յիսուս»:
ողջոյն քեզ Մարիամ աղօթքի եկրորրդ մասը եկեղեցւոյ խօսքերն են Տիրամօր ուղղուած «Սրբուհի Մարիամ մայր Աստուծոյ բարեխօսեայ վասն ... » եւ այսպէսով վարդարանը դառձաւ խորհրդածութեան եւ աղօթքի միջոցը Աստուծոյ հետ աւելի սէրը յարաբերութեան մէջ մտնելու համար:
Մենք Քրիստոնեաններս, հրաւիրուած ենք աղօթելու Սուրբ Կոյսին հետ ինչպէս ինքը զանազան երեւումներու ընթացքին բոլորէս կը խնդրէ վարդարանը աղօթելու մանաւանդ Լուրտի եւ Ֆաթիմաի երեւումներու ատենները:
Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ