Որոնել

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին արձանը Վատիկանի պարտէզներուն մէջ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին արձանը Վատիկանի պարտէզներուն մէջ 

Վարք Հարանց»ի խրատները։

«Եթէ եղբօր հետ գործ մը կը կատարես, մի ուզեր ցոյց տալ թէ անկէ աւելի գործեցիր. ապա թէ ոչ կը զրկուիս վարձքերէն»:

Պատրաստեց Հայր Ներսէս Սագայեան

Ժամանակակից մարդու ականջներուն խորթ կրնան թուիլ հոգեւոր հին գրականութեան արտայայտութիւններ, ինչպէս կը տեսնենք «Վարք Հարանց» հաւաքածոյին մէջ։ Այնտեղ սուրբ անապատականներ, միայնակեացներ եւ ճգնաւորներ իրենց խրատներուն եւ յորդորներուն մէջ երբեմն ունին խօսքեր որոնք անհասկնալի են՝ մեր տեսանկիւնէն դիտուած իրենց «ծայրայեղութեամբ» եւ «տարօրինակութեամբ»։ Սակայն այդ ճամբով, որ երբեմն նաեւ մրցակցութիւն մըն էր թէ ո՛վ աւելի խիստ կրնայ ճգնիլ, հազարաւորներ հասան կատարելութեան։ Այդ խրատները եւ յորդորները պարզապէս միայնակեացին կեանքը աւելի դժուարացնելու նպատակ չունին, այլ կը բխին հայրերու փորձառութենէն, որոնք ունին խոր ճանաչում մարդ արարածի հոգեվիճակներուն, անոր կատարելութեան ճանապարհին մղած պայքարներուն։ Անգամ մը եւս լսենք «Վարք Հարանց»ի խրատները։

Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

«Եթէ եղբօր հետ գործ մը կը կատարես, մի ուզեր ցոյց տալ թէ անկէ աւելի գործեցիր. ապա թէ ոչ կը զրկուիս վարձքերէն։
Եթէ մանուկի մը կամ երիտասարդի մը հանդէպ սէր ունիս եւ ոմանք այդ սէրէն կը գայթակղին, հեռացիր անկէ. եթէ մէկը սիրելի է քեզի աչքի բիբիդ պէս, կտրէ քեզմէ։
Ինքզինքդ հաստատէ եւ պահէ այս խրատներուն մէջ։ Եթէ խուցիդ մէջ ձեռագործի նստած ես եւ աղօթքիդ ժամը կը հասնի, մի ըսեր, թէ մաղիս պակաս արմաւենիի տերեւները ամբողջացնեմ, եւ ապա կʼելլեմ։ Այլ եկու´ր ժամին եւ Աստուծոյ մատուցանէ աղօթքի պարտքդ, եթէ ոչ՝ կամաց կամաց սովորութիւն ըլլալով կը ծուլանաս պատշամունք մատուցանելէ, եւ ապա անձդ պիտի մնայ մերկ։ Քու բոլոր հոգեւոր եւ մարմնաւոր գործերուդ սկիզբը դիր առաւօտուն։
Եթէ տեղ մը երթաս, մի ուզեր ցոյց տալ քու վարքդ, կամ թէ աղ կամ տաք կերակուր կամ ձուկ չես ուտեր։ Այլ միայն գինիէ հրաժարումը մի լուծաներ, եթէ կը վախնաս պատերազմէն։ Թէպէտ ոմանք քեզ պիտի մեղադրեն, սակայն դա քեզի փոյթ թող չըլլայ։ Եթէ մարմինդ տկար է, սակայն եւ այնպէս պահքդ կատարէ, ապա թէ ոչ գուցէ իյնաս փորձութեան մէջ եւ կերակուր ուզես, եւ բեռ ըլլաս անոնց, որոնք քեզի կը սպասաւորեն։
Եթէ աղտեղի խորհուրդներ քեզ նեղեն, մի ծածկեր զանոնք, այլ զանոնք պատմէ հոգեւոր հօրդ եւ յանդիմանէ զանոնք, որովհետեւ որքան որ մարդ խորհուրդ մը ծածկէ, այնքան կը զօրանայ եւ կʼաղտեղանայ ան։ Որովհետեւ ինչպէս օձը որ իր որջէն կʼելլէ եւ նոյն տեղը կը փախչի, նոյնպէս եւ չար խորհուրդները կը կորսուին։ Եւ ինչպէս ցեցը որ փայտ կʼուտէ, նոյնպէս եւ չար խորհուրդները կʼապականեն սիրտը։ Ան որ իր խորհուրդները շուտով կը յայտնէ՝ կը բուժուի։ Իսկ ան որ կը ծածկէ զանոնք, ամբարտաւան է։ Եթէ չես վստահիր մէկուն խորհուրդներդ պատմել, կը նշանակէ թէ խոնարհութիւն չունիս, որովհետեւ խոնարհամիտը ամէն ինչ սուրբ եւ լաւ կը տեսնէ, բայց միայն ինքզինք մեղաւոր կը նկատէ։ Իսկ եթէ մարդ բոլոր սրտով զԱստուած կանչէ եւ ապա երթայ մարդու մը եւ իր խորհուրդներուն մասին կը հարցնէ, թէեւ պատասխան պիտի տայ մարդը, սակայն մանաւանդ Աստուած մարդու ձեռքով օգտակար պիտի ըլլայ. Ան, որ բացաւ Բաղաամի իշուն բերանը, պիտի բանայ բերանը անոր որուն կը հարցնես՝ եթէ նոյնիսկ ան անարժան եւ մեղաւոր ըլլայ։ Եթէ լսես եղբօրդ մասին որ Տիրոջ կʼերթայ, գնայ եւ կեցիր անոր մօտ այդ օրը, որպէսզի տեսնես թէ ինչպէս հոգին մարմինէն կʼելլէ։ Եթէ աղօթքի յանձնէ, այսպէս ըսէ՝ եղբայր, սուրբերու եւ ձեր աղօթքներով Աստուած ինծի եւ ձեզի ողորմի՝ ինչպէս կը հրամայէք։
Եթէ լսես որ մէկը քեզ կʼանարգէ եւ ապա քեզի կու գայ՝ ցոյց մի տար թէ բան մը լսած ես, այլ ուրախացիր անոր հետ եւ երեսդ զուարթ պահէ, որպէսզի քու աղօթքներուդ մէջ համարձակութիւն ունենաս։
Եթէ պատահի որ կերակուրներով ծանրանաս՝ անձդ տուր աշխատանքի եւ ջանքի, որպէս զի գիշերը քեզի համար թեթեւ ըլլայ եւ չար երեւոյթներ չտեսնես։ Եղիր լաւ ըմբշամարտիկի նման՝ բանսարկուին դէմ։ Եթէ ան քեզի հարուածէ այստեղ՝ դուն անոր հարուածէ այնտեղ։ Եթէ քեզ ամուր բռնէ կերակուրներով, դուն զայն ամուր բռնէ հսկումով։ Եթէ քունով ձանձրանաս, խորտակէ անձդ մարմնական աշխատանքով։ Եթէ ան քեզի յաղթահարէ սնափառութեամբ, մարդոց առջեւ այնպիսի բաներ ըրէ եւ այնպիսի բաներ հագիր, որպէսզի անոնք անարգեն քեզ։ Եւ այս իմացիր՝ թէ սատանան ոչ մէկ բանէ աւելի կը խռովի եւ կը փախչի, որքան մարդէ մը՝ որ խոնարհութիւնը եւ անարգանքը կը սիրէ։ Եթէ դեռ մանուկ ես, փախիր գինիէին որպէս թէ ան օձ ըլլար։ Եթէ սէր ընդունիս՝ զգուշ եղիր, եթէ երդումով կամ ծնրադրելով մէկը բան մը աղաչէ քեզմէ, մի անսար երդումին։ Որովհետեւ սատանան միայնակեացներու միտքը կը խճողէ եւ երիտասարդները գինիի կը ստիպէ, որովհետեւ գիտէ թէ գինին եւ կիները կը հեռացնեն Աստուծմէ։»
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/10/2018, 08:06