Որոնել

Աղթամարի եկեղեցին Աղթամարի եկեղեցին 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ

Յանցաւոր գտնելու հնարք մը

Յանցանքի մը պատճառը գտնելու կամ յանցաւորը բռնելու համար մարդիկ որքա՜ն կը տքնին: Անոնք անձնական ջանքեր գործադրելէ յոգնած եւ երբեմն ապարդիւն վազվզուքէ ետք, փորձառու մարդոց կը դիմեն, դատարաններու դռները ափ կ՛առնեն, արդարութեան հասնելու համար: Վերջապէս դիւրին գործ չէ՛ բուն յանցաւորը գտնել, երբ անոնց մէջէն ճարպիկ եղողները կրնան երկար ժամանակ պահուըտիլ եւ խուսանաւել, ազատուելով ատեան կանչուելու անախորժութենէն:
Հաստատում մը կատարելու համար, ըսենք, որ մեր նկատմամբ սխալ գործողները կամ մեր դէմ յանցանք գործողները մեզմէ հեռու մարդիկ չեն ըլլար ընդհանրապէս: Գողութեան պարագային ալ այդպէս է: Շատեր իրենց տան մէջ կատարուած կողոպուտէ մը ետք զարմանքով կ՛անդրադառնան, որ այնքա՜ն ծածուկ տեղէն գողը ինչպէ՞ս կրցած էր գտնել իրենց պահած գումարը կամ թանկագին գոհարեղէնը: Անոնք չեն անդրադառնար, որ այդ գողը իրենց շատ մօտիկ, նոյնիսկ հարազատ մէկը կրնայ ըլլալ: Ան երկա՜ր ատեն կրնայ հետեւած ըլլալ ձեր քայլերուն եւ շարժումներուն, ուսումնասիրելով ձեր անցուդարձը, մինչեւ որ ստոյգ իմանայ այն ապահով անկիւնը, ուր կը պահէք ձեր թանկագին իրերը: Յետոյ, յարմար ժամանակին, ան կրնայ գալ, եւ ճիշդ այնպէս, ինչպէս դուք կը դնէք ձեր կարեւոր իրերը, զգուշութեամբ վերցնել զանոնք եւ գաղտնաբար իւրացնել:
Ոստիկանութիւնը երբ հասնի գողութեան վայրը, տանտիրոջ հետ կարճ հարցազրոյցով մը կ՛ուզէ ստուգել, թէ տանտէրը որո՞ւ վրայ կը կասկածի: Վերջինս շատ ցնցուած տեղի ունեցած դէպքէն, ու մանաւանդ շուարած վիճակի մատնուած, անորոշ պատասխաններ կու տայ, միշտ հեռուներէն փնտռելով իրեն հասցուած վնասին պատճառ եղող անձը: Թերեւս իր եւ ոստիկանութեան կողմէ փնտռուած անձը ըլլայ իրենց կողքին կանգնած մէկը, որ միաժամանակ ցաւակից կ՛ըլլայ տուժողին, փորձելով մխիթարել զայն իր ցաւին մէջ:
Դատաւորները, որոնք բնականաբար տեսանողներ կամ մարգարէներ չեն, իրենց փորձառութեան հիման վրայ, որոշ հարցուփորձերով կ՛առաջնորդուին, փորձելով գտնել մեղաւորը կամ յանցաւորը, որ պէտք է իր կատարած գործին պատիժը կրէ: Անոնք, պատահած դէպքին մանրամասնութիւնները պեղելով՝ կը հարցնեն շատ յատուկ հարցումներ, որոնց պատասխանը միայն դէպքին վայրը գտնուած անձ մը, կամ ականատես մը կրնայ տալ: Այսպիսով անոնք կը թափանցեն հարցաքննուող անձին հոգիին խորքը, անոր միտքին ծալքերը եւս բանալով: Դատաւորին իսկական դերը արդարութիւնը յայտնաբերելն է, ճիշդ է, սակայն միաժամանակ հոգեբանօրէն մօտենալով, յանցաւորին հոգիին խորքը թափանցելն է, ուր կրնան թաքնուած ըլլալ ուրիշ շատ գաղտնիքներ՝ դէպքին կապուած: Որովհետեւ յանցանքին բնոյթը կրնայ նուազեցնել յանցաւորին կրելիք պատիժը: Նոյնիսկ ենթական կրնայ անպարտ արձակուիլ եթէ քննուին կատարուած ոճիրին դրդապատճառները:
Դատարաններէ դուրս, ընկերութեան կեանքին մէջ, երբեմն նոյնիսկ կարելի կ՛ըլլայ անմեղ մը գտնել, եւ զայն հռչակել յանցաւոր: Վերջապէս մէկուն վրայ պէտք է բարդուի յանցանքը:
Եւ ո՞վ կրնայ ըլլալ այդ թեկնածուն, եթէ ոչ՝ տկար մը, անպաշպան մը, կամ՝ հովանաւոր չունեցող անձ մը:
Նոյնը կը պատահի կենդանական աշխարհի մէջ ալ։
Քաջութիւն չէ՛ յանցաւոր նկատել տկարը եւ զայն պախարակել հրապարակաւ: Յանցանքի մը բուն պատճառը գտնելու արդարախոյզ աշխատանքին մէջ պէտք է փնտռել քաջութիւնը եւ այն գտնելու պարագային՝ տեսնել արդարութեան ունեցած զուլալ մաքրութեան ճառագայթարձակ փայլքը:
Կեանքի ընթացքին շատ կը հանդիպինք յանցաւոր գտնելու այս սխալ հնարքը օգտագործողներու, որոնցմէ շատեր իրենց գործած յանցանքը ուրիշներու վրայ բարդելու միջոց դարձուցած են զանիկա: Ամէնէն վախկոտ մարդը այն է, որ չի՛ կրնար հրապարակաւ խոստովանիլ իր գործած յանցանքը եւ իր անմիջական շրջապատին մէջէն կ՛ընտրէ ամէնէն տկարը, զայն ներկայացնելու իր փոխարէն՝ իբրեւ յանցաւոր կամ մեղաւոր: «Իւրաքանչիւր ոչխար, իր ոտքէն պիտի կախուի», վստահ եղէք, եթէ կը հաւատաք այս խօսքին ճշմարտացիութեան:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/10/2018, 07:55