Որոնել

Հռոմի Ք. Լեւոնեան Վարժարանի Ս. Նիկողայոսի անուան Եկեղեցի Հռոմի Ք. Լեւոնեան Վարժարանի Ս. Նիկողայոսի անուան Եկեղեցի 

«Մեր հաւատքի վկայութեամբ պիտի փորձենք յաղթահարել ամէն չարիք». Գրիգոր Պետրոս Ի։

Հռոմի քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ եղբայրական ագապ

Անցեալ շաբաթ, 13 հոկտեմբեր 2018-ին, կէսօրին,  Հռոմի քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ եղբայրական ագապ որուն՝ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի կաթողիկոս պատրիարքին հրաւէրով, իրենց մասնակցութիւնը բերին Արեւելքի Եկեղեցիներու Պատրիարքներ ու Վատիկանեան բարձրաստիճան եկեղեցականներ գլխաւորութեամբ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի Կառավարիչ Կարդինալ Սանտրիի եւ Սուրբերու Դատի Ժողովի կառավարիչ Կարդինալ Պեչչուի, որոնք այս օրերուն Հռոմի մէջ կը մասնակցին երիտասարդներուն հայող եպիսկոպոսական ընդհանուր 15-րդ սովորական սիւնհոդոսին։

Այս առթիւ արտասանած իր ողջոյնի խօսին մէջ Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը՝ կրկնելով Սրբազան Քահանայապետին խօսքը. «Եկեղեցին երկու թոքերով կը շնչէ` Արեւելքով եւ Արեւմուտքով» աւելցուց. «Մենք` իբրեւ արեւելեան ժողովուրդ, որ ցեղասպանութեան հետեւանքով շատ բաներ կորսնցուցինք եւ կարողացանք կրկին անգամ մեր ոտքերուն վրայ վերականգնիլ ու մեր գոյութիւնը փաստել, այսօր կը տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս պատմութիւնը կը կրկնուի Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ: Հետեւաբար մեր հաւատքի վկայութեամբ պիտի փորձենք յաղթահարել ամէն չարիք»:

Գրիգոր Պետրոս Ի անդրադարձաւ նաեւ Կարդինալ Աղաճանեանի մասին` հաստատելով.«Մենք կը հաւատանք, որ կարդինալ Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեանը սուրբ մըն է, եւ ասոր հիման վրայ կը փորձենք շուտով սրբադասել զինք, որպէսզի օրինակ հանդիսանայ մեր եկեղեցւոյ պատմութեան եւ հաւատքին»:

«Քաղուած Լ.Ք.Վ. դիմատետրէն»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/10/2018, 08:00