Որոնել

2019-ի ԵՀՕ 2019-ի ԵՀՕ 

Քուպայէն 400 երիտասարդներ պիտի մասնակցին Փանամայի ԵՀՕ։

Աւելի քան 400 Քուպացի երիտասարդներ կը պատրաստուին մասնակցիլ Փանամայի ԵՀՕ։

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան 

Աւելի քան 400 Քուպացի երիտասարդներ կը պատրաստուին յառաջիկայ 22-27 Յունուար 2019-ին մասնակցիլ Փանամայի մէջ նշուելիք՝ Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան։ 

Քուպայի եկեղեցւոյ համար սոյն քանակով երիտասարդներու գրառումը բացառիկ կը նկատուի տրուած ըլլալով որ առաջին անգամն է որ Քուպացի այսպիսի մեծ թիւով երիտասարդներ պիտի մասնակցին երիտասարդութեան եկեղեցական տօնախմբութեան, առիթը ունենալով աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած իրենց հասակակիցներուն հետ բաժնեկցիլ Աւետարանի վկայութեան հայող  բարեկամութիւններ ու փորձառութիւններ։ 

2107 հոկտեմբեր-նոյեմբեր ամիսներէն սկսեալ է որ երիտասարդները սկիզբ տուին ԵՀՕ նախապատրաստական ուղեւորութեան, ու անոնց թիւին աճումը կը պարտինք «Քուպայի եկեղեցւոյ աւետարանութեան գործընթացի» ազդեցութեան, դիտել տուած է Քուպայի Երիտասարդներու հովութեան եպիսկոպոսական յանձնախումբի անդամ՝ գերապայծառ Ալվարօ Քէյրա։ 

Յայտնենք թէ Յունուար ամսուայ մէջ նշուելիք Երիտասարդներու համաշխարհային հաւաքին նախատեսուած է նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին մասնակցութիւնը։ 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/09/2018, 08:11