Որոնել

Էտիթ Շթայն՝ Խաչեցեալի  Սրբուհի Թերեզա Պենետեթթա Էտիթ Շթայն՝ Խաչեցեալի Սրբուհի Թերեզա Պենետեթթա 

Էտիթ Շթայն՝ Խաչեցեալի Սրբուհի Թերեզա Պենետեթթայի տօնը:

«Կոյս եւ մարտիրոս. Եւրոպայի Պահապան»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Վաղը Եւրոպայի մէջ կը յիշատակուի Խաչեցեալի  Սրբուհի Թերեզա Պենետեթթայի տօնը։ Մարտիրոս ու հետեւողականութեան կին մը, կին մը որ Աստուած փնտռեց  ազնուութեամբ ու սիրով եւ կին մը որ մարտիրոս է իր հրեայ եւ քրիստոնեայ ժողովրդին համար։ Թող որ Ան՝ Եւրոպայի պաշտպան սրբուհին, աղօթէ ու պահպանէ Եւրոպան Երկինքէն»։ Ասոնք խօսքերն են Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին զոր արտասանեց չորեքշաբթի 8 օգոստոս 2018-ին, Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ շնորհած հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, յիշելու համար Սրբուհի Էտիթ Շթայնը՝ Խաչեցեալի՝  Սրբուհի  Թերեզա  Պենետեթթան որուն ծիսական տօնը կը յիշատակուի 9  օգոստոսին։

Խաչեցեալի՝  Սրբուհի Թերեզա Պենետեթթա, աւազանի անունով ''Edith Stein'', ծնած էր Պրէսլավիայի մէջ՝ 12 Հոկտեմբեր  1891-ին, հրեայ ընտանիքի մը յարկին տակ։

Քրիստոնէական կրօնքը ընդունելէ ետք կը մտնէ Կարմեղեան միաբանութեան քոյրերու վանքը ու կ՛ընդունի Խաչեցեալի Թերեզա Պենետեթթայի անունը։

Էտիթ Շթայն կրօնաւորուհին նաեւ՝ Փիլիսոփայ մըն էր,  Նացիական տիրապետութեան ընթացքին ձերբակալուեցաւ ու ապրեցաւ երկրորդ աշխարհամարտի տխրահռչակ շրջանը, առանց սակայն կորսնցնելու իր յոյսը ''Կեանքի ու Սիրոյ Աստուծոյ'' վրայ։ Ան նահատակուեցաւ Աուշվիցի համակեդրոնացման ճամբարի մէջ` 9 օգոստոս 1942-ին։

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ  քահանայապետը, զինք սուրբ հռչակեց 1998-ի 11 հոկտեմբերին, հուսկ մէկ տարի ետք, 1 հոկտեմբեր 1999-ին Շուետի Սրբուհի Պրիկիթայի եւ Սիենայի Սրբուհի Քաթերինայի հետ միասին  զայն հռչակեց Եւրոպայի Պաշտպան Սուրբ,   հաստատելով թէ ''Այդ հռչակումը կը նշանակէ հին ցամաքամասի հորիզոնին վրայ զետեղել դրօշը` յարգանքի, հանդուրժողականութեան, եւ ընկալումի որ կը հրաւիրէ այր մարդիկն ու կիները իրար հասկնալու եւ զիրար հանդուրժելու, անկախ իրենց ցեղային, մշակութային եւ կրօնական տարբերութիւններէն, կազմելու համար ընկերութիւն մը որ ըլլայ իսկապէս եղբայրական''։

Երջանկայիշատակ Քահանայապետը ապա աւելցուցած էր թէ Էտիթ Շթայն կանչուած է ներկայացնելու այն սրբութիւնը որ Եւրոպայի համար անցեալի գաղտնիքն է ու անոր ապագայի յոյսը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/08/2018, 08:37