Որոնել

Ասսիզիի Ս Ֆրանչիսկոսի Պազիլիքան Ասսիզիի Ս Ֆրանչիսկոսի Պազիլիքան 

Ասսիզիի մէջ Էրիթրէայի խաղաղութեան նուիրուած աղօթք։

Գերապայծառ Սորրենթինօ հրաւէր ուղղած է թիկունք կանգնելու «անորոշ քայլով ընթացող խաղաղութեան ուղեւորութեան»

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Ուրբաթ 27 Յուլիս 2018-ին, Ասսիզիի մէջ տեղի կ՛ունենայ Էրիթրէայի  խաղաղութեան նուիրուած յատուկ աղօթք մը։ Աղօթքի դիտաւորութիւնը պիտի յիշուի ծիսակատարութեան ընթացքին, առիթ ստեղծելով խոկումի ու տարածելով խաղաղութիւն կառուցելու կամքը՝ ըստ «Ասսիզիի հոգիին»։ Լուրը հաղորդած է նոյնինքն Ասսիզիի եպիսկոպոսը՝ գերապայծառ Տոմենիքօ Սորրենթինօ որ հրաւէր ուղղած է բոլոր հաւատացեալներուն թիկունք կանգնելու Եթովպիայի մէջ «անորոշ քայլով ընթացող խաղաղութեան ուղեւորութեան» ու աղօթելու որպէսզի Էրիթերիայի մէջ ստեղծուին բոլոր պայմանները՝ ճանչնալու համար ամէն մէկ անհատի հիմնական իրաւունքները։

Յայտնենք թէ վերջերս ու 20 տարիներ ամբողջ փակ մնալէն ետք,  վերոնշեալ երկիրներու միջեւ սահմանը վերաբացուեցաւ եւ երկու երկիրներու պետութիւնները սկիզբ տուին ազգային հաշտութեան նոր ընթացքի մը, որուն առջեւ սակայն տակաւին կան բազմաթիւ խոչնդոտներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/07/2018, 08:25