Որոնել

 Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի 

Սուրբ Ներսէս Լամբրոնացի՝ կրօնաւորութեան եւ քահանայական կարգի տարբդրութիւնը:

Հաղորդաշար. «վանականութիւնը հայոց պատմութեան հոլովոյթին» (շարունակութիւն)

Սուրբ Ներսէս Լամբրոնացի, Տարսոնի եպիսկոպոսը, «Խորհրդածութիւնք ի Կարգս Եկեղեցւոյ եւ Մկնութիւն Խորհրդոյ Պատարագին» երկին մէջ կը բացատրէ կրօնաւորութեան եւ քահանայական կարգի տարբերութիւնը։ Ան կը նկատէ թէ այս երկու վիճակներուն միջեւ համեմատութեան եզր չկայ։ Մանրամասնելով իւրաքանչիւրի նուիրումը եւ անոնց վիճակը եկեղեցւոյ մէջ, Ներսէս Լամբրոնացի երկխօսութեան մը միջոցաւ կը ներկայացնէ նիւթը, ինչպէս սովոր է պարզօրէն բացատրել իր ներկայացուցած խնդիրները։
«Ներսէս կʼըսէ՝ դարձեալ կʼուզեմ այլ բան սորվիլ, ոչ հակառակելու համար, այլ հակառակելով կʼուզեմ պարզել ճշմարտութիւնը, եւ կʼընդունիմ կռուփ եւ յանդիմանութիւն։ Որովհետեւ եղբօր վէրքը եւ բուժումը իմս է նաեւ։ Ապա որքան առաւել եւս ամբողջ ազգիս տմարդութիւնը, որոնց փոխարէն եթէ անձս տալու արժանի ըլլայի՝ երանելի էի։ Արդ ուրեմն ի՞նչ, լսեցի որ ըսիր թէ աբեղայ ես. կը հաւատամ եւ կը տեսնեմ մարմինդ պաճուճուած նաեւ այդ զգեստով. սակայն կʼուզեմ իմանալ, ու՞ր եւ որպիսի՞ մեռելութեամբ ընդունեցար մեռելութեանդ ձեւը։
Յովհաննէս. Եկեղեցւոյ մէջ։
Ներսէս. բարւոք, որովհետեւ այնտեղէն կը բաշխուի ամէն շնորհք։ Իսկ ինչպիսի՞ օրհնութեամբ։
Յովհաննէս. Քահանայական օրհնութեամբ. որովհետեւ եպիսկոպոսը զիս քահանայ օծեց եւ ինծի տուաւ կնգուղը։
Ներսէս. այդ ինչպէ՞ս կարելի է, կնգուղով արտայայտել քահանայութիւնը, որուն պատիւը ուրարն է եւ սուրբ նափորտը՝ իբր իշխանական զգեստ, եւ գլխոյն ծածկոյթը՝ Քրիստոս, եւ ոչ կնգուղը։
Յովհաննէս. Իսկ օրհնութիւ՞նը որով կʼընդունիմ կնգուղը. արդեօ՞ք այս չէ որ կը սորվեցնես։
Ներսէս. Բարի, եղբայր, ընթացիր օրհնութեանց գրքին համաձայն, եւ ան պիտի սորվեցնէ քեզի. որովհետեւ այդ խօսքերը հարցական են, ինչպէս մկրտութեան պարագային եւ ապա կամաւոր կերպով խոստովանիլդ, անձամբ տալ մկրատը՝ խուզելու համար մազերըդ, եւ անկէ յետոյ կնգուղ առնելդ։ Եւ իւրաքանչիւր զգեստի պարագային չե՞ս լսած օրհնութիւնը, որ կʼըսէ՝ «Մեր եղբայրը կը զգենու կնգուղը իբր սաղաւարտ փրկութեան, եւ սքեմը իբր կնիք Քրիստոսի խաչակրութեան։» Նոյնպէս եւ միւսները, եւ ապա իւրաքանչիւրը կու տան անոր իբր պահապան եւ նշան։
Յովհաննէս. Ես ատոնցմէ ոչ մէկը լսած եմ, այլ զիս եւ միւսները կանգնեցուցին, եւ Եպիսկոպոսը սուրբ սեղանին առջեւ՝ ինծի աբեղայութեան ձեւ տուաւ՝ քահանայ օծելէն ետք, իսկ միւսը թողուց աշխարհական պատմուճանով։
Ներսէս. Ո՛վ մեծ աղէտ, եւ ծաղրանքի արժանի գործ։ Եւ ունա՞յն տեղ ըրաւ այսքան մեծ շնորհքը որ մեզի եկած է հայրերէն։ Ի՞նչպէս ժպրհեցաւ առանց այնքան բազմադիմի խորհրդական աղօթքներով զօրացնելով քեզ՝ այդպէս կերպարանել։
Յովհաննէս. Այո, կերպարանեց ճշմարտութեամբ, ինչպէս ըսի, առանց նախապէս օրհնելու։
Ներսէս. քու բերնիդ խօսքէն յայտնի է, թէ խաբուեցար, եւ ոչ թէ կրօնաւոր դարձար, միայն ոչխարի մորթով մարդիկ պատրելով, ինչպէս ըսաւ Տէրը։
Յովհաննէս. Ես ինծի՛ ալ այդպէս կը թուիմ, քեզմէ սորվելէս յետոյ։
Ներսէս. Այս ալ հարցնեմ. եւ երբ քեզ քահանայ օծեց եւ աբեղայ ձեւացուց՝ ուստի՞ եւ կամ ո՞ր գրքերէն ըսաւ թէ ստացած է այս աւանդութիւնը։
Յովհաննէս. չեմ գիտեր։»
Ներսէս Լամբրոնացի մտահոգ է իր ժողովուրդով։ Իբր գիտակից, պատասխանատու եւ նուիրեալ հովիւ ան կʼուզէ լուսաբանել իր հօտը, իր ազգին քահանաները եւ կրօնաւորները, կʼուզէ իր սիրելի եկեղեցւոյ մէջ մուտք գործած եղծումները մաքրել, կʼուզէ իր եղբայրները լուսաւորել։ Սուրբ Եպիսկոպոսը, ինչպէս կը գրէ, պատրաստ է ընդունելու «կռուփ եւ յանդիմանութիւն։» «Որովհետեւ, կʼըսէ, եղբօր վէրքը եւ բուժումը իմս է նաեւ։ Ապա որքան առաւել եւս ամբողջ ազգիս տմարդութիւնը, որոնց փոխարէն եթէ անձս տալու արժանի ըլլայի՝ երանելի էի»։
Հետաքրքրական է նաեւ նշել, թէ այս երկխօսութեան մէջ, Յովհաննէս կը նկատէ, թէ որոշ բաներ ոչ իսկ լսած է։ Այս տողերը ենթադրել կու տան, որ ոմանք կրօնաւորութեան կʼընդունուէին կամ կը քահանայ կը ձեռնադրուէին առանց անհրաժեշտ պատրաստութեան. եւ կամ չունէին միջոց աւելի մօտէն ծանօթանալու հայրերու աւանդութեան։'

Պատրաստեց Հայր Ներսէս Սագայեան
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/06/2018, 14:55