Որոնել

Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութեան հիմնադրութեան 170-րդ ամեակի պատարագ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութեան հիմնադրութեան 170-րդ ամեակի պատարագ 

Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութեան հիմնադրութեան 170 ամեակի պատարագ։

Միաբանութեան գործունէութիւնը սկիզբ առած է ճիշտ 175 տարիներ առաջ, 5 յունիս 1843-ին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 3 Յունիս 2018-ին, Հռոմի կեդրոնը գտնուող Սուրբ Նիկողայոսի անուան Հայ Կաթողիկէ  Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ գոհաբանական հանդիսաւոր սուրբ պատարագ զոր մատուցեց Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի առընթերակայութեամբ Արհ Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի՝ Պէյրութի Թեմի Պատրիարքական փոխանորդ եւ Գրիգոր Եպիսկոպոս Գուսանի՝ Եգիպտոսի Հայ կաթողիկէներու առաջնորդ, ու մասնակցութեամբ՝  կղերական դասին, Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան անդամներուն ու բազմաթիւ հայ եւ օտար բարեկամ հաւատացեալներուն։

Արարողութիւնը որ կատարուեցաւ իտալերէն լեզուով, սկիզբ առաւ  «Հրաշափառ»ի, երգեցողութեամբ, կատարողութեամբ 32 պատանիներէ բաղկացած  Գիւմրիի հայ Քոյրերու «Տիրամայր Հայաստանի» երգչախումբին, որ այս առթիւ Հռոմ ժամանած է իր մասնակցութիւնը բերելու Անարատ Յղութեան հայ Քոյրերու միաբանութեան Յոբելենական տօնախմբութիւններու ձեռնարկներուն։

Պատարագին սկիզբը խօսք առաւ Միաբանութեան Մեծաւոր՝ Մայր Արուսեակ Սաճոնեանը որ իտալերէնով ապա հայերէնով անդրադարձաւ միաբանութեան 170 տարուայ պատմութեան, ի ծառայութիւն «հայ ժողովուրդին հոգեւոր և ընկերային կարիքներուն, ազգային, կրօնական և բարոյական արժէքներով դաստիարակելով անոր  զաւակները, ապահովելու համար հայրենիքին հզօր ապագան» ըսաւ Ան, նշելով նաեւ թէ Սուրբ Նիկողայոս Եկեղեցւոյ մէջ պահպանուած են միաբանութեան հիմնադիր՝ հայազգի առաջին  Ծիրանաւոր, Կարդինալ Անտոն Հասունեանի աճիւնները։

«Միաբանութեան գործունէութիւնը սկիզբ առած է ճիշտ175 տարիներ առաջ, 5 յունիս 1843-ին, Կոստանդնուպոլսոյ անշուք տնակի մը մէջ, 12 աղքատ երեխաներով» մինչ ան պաշտօնապէս հիմնուած ու ճանչցուած է  1847-ին ու այդ օրէն ծաւալած է իր գործունէութիւնը նախ՝ Կոստանդնուպոլիսս և ապա գաւառներու մէջ»:

1915-ի եղեռնը սակայն բնաջինջ ըրաւ նաեւ Միաբանութիւնը ու Եղեռնի զոհ դարձան 13 քոյրեր մինչ աքսորի ճամբան առին 40-է աւելի անդամներ:  «Այսպէս, Քոյրերը բաժնեկից եղան իրենց ժողովուրդի դժբախտ ճակատագրին»  - ըսաւ Մայր Արուսեակը անդրադառնալով Եղեռնէն ետք ստեղծուած սփիւռքին ու այդ սփիւռքի մէջ միաբանութեան հաստատած առաքելութիւններուն՝ Սուրիա, Լիբանան, Իրան, Իրաք, Եգիպտոս, Յորդանան, Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ և հուսկ Հայաստան:

«Իր գաղթական ժողովուրդին հետ Միաբանութիւնն ալ հաստատուեցաւ Սփիւռքի տարբեր քաղաքներու մէջ շարունակելու համար իր առաքելութիւնը որ է «կրօնաբարոյական դաստիարակութիւնը՝ հայ սերունդին» շեշտեց Մայր Սաճոնեանը որ ապա յանուն Միաբանութեան  շնորհակալութիւն յայտնեց Վսեմաշուք Կարդինալ Սանտրիին, Լեւոնեան դպրեվանքի մեծաւոր՝ Գերաշնորհ Հայր Նարեկ Վարդապետ Նաամոյեանին ապա  «Տիրամայր Հայաստանի» Երգչախումբին ու բոլոր հիւրերուն։

Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած Քարոզին մէջ Վսեմաշուք կարդինալ Սանտրին գնահատեց Միաբանութեան գործունէութիւնը ու 170 տարիէ ի վեր մատուցած սիրոյ ծառայութիւնը  ի սպաս Եկեղեցւոյ եւ Հայ ազգին, յատկապէս դաստիարակչական մարզէն ներս։

Մատնանշելով ապա 1915-ի Մեծ Եղեռնին, Ծիրանաւորը յայտնեց թէ քոյրերը ունեցան հերոսական վերաբերմունք ու բազմահազար որբերուն համար դարձան քոյրեր ու մայրեր, սէր, գուրգուրանք  ու հայացի դաստիարակութիւն ապահովեցնելով անոնց, ոչ միայն Կ. Պոլսոյ մէջ այլեւ պանդուխտ դարձած հայ ժողովուրդի նորանոր  «հայրենիքներուն» մէջ ու նաեւ Հռոմի մէջ, ուր Երջանկայիշատակ Պիոս ԺԱ.ի հրաւէրով, մօտ 500 որբուհիներ, 1922-ին, ապաստան գտան նախ Քաստելկոնտոլֆոյի Քահանայապետական ամարանոցին մէջ, հուսկ փոխադրուեցան Թորինօ եւ այնտեղէն Ֆրանսա։ 

«Դուք վերածնունդը ապրեցաք փոքրիկներուն ու աղքատներուն ձեր մատուցած շօշափելի սիրոյն միջոցաւ» ըսաւ ապա Կարդինալ Սանտրին ու ակնարկեց ՝ ՀՀ անկախութենէն ետք,1991ին, Գիւմրիի մէջ ստեղծուած նոր ու ծաղկուն առաքելութեան,  որուն պտուղներէն մին է «Տիրամայր Հայաստան» երգչախումբը, կազմուած  երիտասարդներէ որոնց նուիրուած է «հոկտեմբերին գումարուելիք Եպիսկոպոսներու յառաջիկայ սիւնհոդոսը» ըսաւ Արեւելեան Եկեղեցիներու կառավարիչը  խրախուսելով երիտասարդները միշտ հետեւելու Յիսուսին՝ որ է «միակ իսկական ուրախութիւնը ու միակ իսկական ազատութիւնը» ըսաւ Ան, Հայ Քոյրերու միաբանութեան անդամներուն յորդորելով երբեք չի վհատիլ ու դժուարութեան մէջ միշտ դիմել Տիրոջ՝ որ «է մեր միակ ապաւէնը» հաստատեց Ծիրանաւորը ու քարոզը եզրափակեց Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի Մատեան Խորհուրդէն քաղուած մէկ աղօթքով։

Սուրբ Զոհի աւարտին խօսք առաւ նաեւ Լեւոնեան Քահանայապետական Վարժարանի Մեծաւորը՝ Գերյ Նարեկ Ծ. Վ. Նաամոյեան որ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնելով վսեմաշուք Կարդինալին, յանուն Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէր՝ Գրիգոր Պետրոս Ի կաթողիկոս Պատրիարքին շնորհաւորեց Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու  միաբանութեան 170 Յոբելեանը, հուսկ բոլոր ներկաները հրաւիրեց վարժարանի ներքնաբակին մէջ այս առթիւ պատրաստուած կոկիկ մէկ հիւրասիրութեան։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/06/2018, 08:45