Որոնել

ՀՀ կրթութեան եւ սփիւռքի նախարարութիւններու պատուիրակութիւնը այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիաքարան ՀՀ կրթութեան եւ սփիւռքի նախարարութիւններու պատուիրակութիւնը այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիաքարան 

ՀՀ կրթութեան եւ սփիւռքի նախարարութիւններու պատուիրակութիւնը այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիաքարան

Կրթութեան եւ սփիւռքի նախարարութիւններու պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Զմմառու Վանքը

Շաբաթ՝ 2 յունիս 2018, յետմիջօրէին, Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան-գիտութեան եւ սփիւռքի նախարարութիւններու ներկայացուցիչներու պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ կրթութեան եւ գիտութեան փոխ նախարար Յովհաննէս Յովհաննէսեանի եւ ուղեկցութեամբ ՀՀ Լիբանանի դեսպանութեան կցորդ Վլատիմիր Պօղոսեանի, այցելեց Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի․Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Պատրիարքին կողմէ։

Շուրջ ժամ մը տեւած եւ առաւելաբար ծանօթացման հանդիպումի ընթացքին, հիւրերը անդրադարձան իրենց գերատեսչութիւններու ծրագիրներուն եւ այնուհետեւ ջերմ մթնոլորտի ներքեւ տեղի ունեցած զրոյցը շօշափեց կրթութեան եւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու ու գործակցութեան հայող հարցեր։

Իսկ 3 Յունիս 2018-ին, կիրակի կէսօրին , պատուիրակութիւնը այցելեց Զմմառու Պատրիարքական կղերի Միաբանութեան Մայրավանքը ուր ընդունուեցան Զմմառու Վանքի Մեծաւոր և Պէյրութի թեմի Պատրիարքական փոխանորդ` Գերապայծառ Գաբրիէլ թ.ծ.վրդ.Մուրատեանին կողմէ, որ հայրենի հիւրերուն լայն բացատրութիւններ տուաւ ընդհանրապէս վանքի եւ մասնաւորաբար անոր հիմնադրութեան և պատմական ուղիի մասին:

Այնուհետեւ հիւրերը Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի կիսասարկաւագներու ուղեկցութեամբ շրջեցան Վանքին բաժանմունքները` մատենադարանը , թանգարանը , ձեռագրատունը։ Հուսկ, Դպրեվանքի սեղանատան մէջ անոնք սեղանակից եղան տեսուչ Հայր Գրիգոր վրդ.Պատիշահի , փոխտեսուչ` Հայր Տիգրան վրդ. Փիլիպպոսեանի և սաներուն, որոնց հետ մտերմիկ զրոյցով մը աւարտեցին իրենց այցելութիւնը։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/06/2018, 12:08