Որոնել

Ս. Պետրոսի հրապարակ Ս. Պետրոսի հրապարակ 

Վատիկանի մատենադարանի երկրորդ պահակին մահուան 250-րդ տարեդարձը:

Վատիկանի առաքելական մատենադարանին երկրորդ պահակը Մարոնի համայնքի հաւատացեալ մըն էր:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 17 մայիս 2018-ին, Վատիկանի Առաքելական մատենադարանի «Պարպերինի անուան» դահլիճին մէջ յատուկ ձեռնարկով մը կը նշուի Վատիկանի առաքելական մատենադարանին երկրորդ պահակ, ծագումով լիբանանցի եւ Մարոնի համայնքի պատկան՝ Ճուզեփփէ Սիմոնիօ Ասսեմանիին մահուան 250-րդ տարեդարձը (1730 al 1739) ի ներկայութեամբ Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին եւ Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչ Կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրիին:

Յիշեալ ձեռնարկին ընթացքին, Պշարի Ռայի Պատրիարքն ու Արեւելեան եկեղցիներուն կառավարիչը յայտարարութեամբ մը պիտի տեղեկացնեն Ճուզէփփէ Ասսեմանիին ի յիշատակ կազմակերպուած գիտաժողովի եւ այլ ձեռնակներուն մասին, որոնք տեղի պիտի ունենան Լիբանանի մէջ յառաջիկայ 15-էն - 6 օգոստոս 2018-ին:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/05/2018, 10:48