Այսօր ըստ լատինաց Սուրբ Գէորգ Զօրավարի տօնն է։
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Այսօր՝ 23 ապրիլ 2018-ին, Լատին եկեղեցին կը յիշատակէ Սուրբ Գէորգ զօրավարի տօնը։ Տօնին առթիւ կը նշուի նաեւ Գէորգներու անուանակոչութեան տօնը, որոնց շարքին է նաեւ Եորկէ Պերկոլիոյ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։
Սուրբ Գէորգ Զօրավար նահատակուած է մօտաւորապէս 303 Ք.Ե. Նիկոմեդիոյ մէջ:
Մեծցեր է քրիստոնեայ ընտանիքի մէջ: Երբ Հռոմէացի Դիոկղետիանոս կայսրը (284 - 305) հրովարտակ կը հրատարակէ քրիստոնեաներուն դէմ, Գէորգ զօրավարը կը պատռէ Նիկոմեդիա քաղաքի հրապարակին վրայ կախուած այս արքունական հրամանը:
Այս պատճառով կը չարչարուի եւ կը նահատակուի որովհետեւ կը մերժէ ուրանալ իր քրիստոնէութիւնը:
Բազմաթիւ աւանդութիւններ հիւսուած են Ս. Գէորգի մասին: Ասոնցմէ ամենածանօթը այն է որ Գէորգը սպաննելով վիշապ մը ազատեր է կոյս մը, եւ ասոր համար կ՛ընդունուի որպէս վիշապասպան սուրբ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ