Որոնել

Քոլոսէումը լուսաւորուած կարմիրով Քոլոսէումը լուսաւորուած կարմիրով 

«Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն» կազմակերպութիւնը ի նպաստ հալածուած քրիստոնեաներուն։

20 եւ 21 ապրիլ 2018-ին, «Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» քահանայապետական կազմակերպութիւնը պիտի հովանաւորէ ձեռնարկ մը ի յայտ դնելու աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ քրիստոնեաներուն դէմ գործադրուած հալածանքները

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 20 եւ 21 ապրիլ 2018-ին, «Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» քահանայապետական կազմակերպութիւնը որ ընդհանրապէս կը գործէ վասն հալածուած քրիստոնեաներուն անգամ մը եւս պիտի հովանաւորէ ձեռնարկ մը ի յայտ դնելու աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ քրիստոնեաներուն դէմ գործադրուած հալածանքները։

Այս անգամուայ ընտրուած վայրը Իտալիոյ Փերուճա քաղաքն է որուն կեդրոնական շատրուանը կարմիրով պիտի գունաւորուի դատապարտելու համար իրենց հաւատքին համար մահացած հաւատացեալներուն ողբերգութիւնը  ու լուսարձակի տակ դնելու Միջին Արեւելքի բնակչութեան ու յատկապէս Սուրիոյ բնակիչներու ապրած տառապանք ու ցաւը։

Սոյն ձեռնարկին զուգահեռ՝ 21 ապրիլ 2018-ին, տեղի պիտի ունենայ նաեւ դասախօսութիւն մը «Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներու ողբերգութիւնը» վերադրութեամբ որուն բացումը պիտի կատարէ Իտալիոյ Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի նախագահը՝ Կարդինալ Լորենցօ Պալտիսսերի, որպէս նաեւ Իտալիոյ եկեղեցւոյ մօտիկութեան նշան՝ պատերազմներու ու հակամարտութիւններու թիրախ ժողովուրդներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/04/2018, 12:45