«Առանց եղբայրներու աշխարհ մը թշնամիներու աշխարհ է». Ֆրանչիսկոս Պապ

Քահանայապետին արտասանած խօսքը Մարդկային Եղբայրութեան առաջին միջազգային օրուան նշումին եւ Զայըտ մրցանակի տուչութեան արարողութեան առիթով։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր՝ 4 Փետրուարին կը յիշատակուի Մարդկային Եղբայրութեան միջազգային առաջին Օրը հաստատուած Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան՝ 21 դեկտեմբեր 2020-ի գումարուած ընդհանուր Ժողովի կողմէ։

4 Փետրուարը թուականն է, որ կը յիշատակէ Ֆրանչիսկոս Պապին 2019-ին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս Ապու Տապիի մէջ Ալ Ազհարի Աւագ Իմամի հետ միասին ստորագրած Մարդկային Եղբայրութեան եւ Համաշխարհային Խաղաղութեան ու միասնական համակեցութեան փաստաթուղթը։

Մարդկային  եղբայրութեան  յիշատակի սոյն օրը  «կը համապատասխանէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին համայն մարդկութեան ուղղած հրաւէրին հանդիպումի միջոցաւ կառուցելու խաղաղութեան ներկայ մը միւսին հետ» յայտնած է այս առթիւ Միջ-կրօնական երկխօսութեան Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը Կարդինալ Միկել Անկել Այուզօ Կիսոն։

«Մարդկային Եղբայրութեան Զայըտ» մրցանակի տուչութիւն

Առցանց կատարուած Մարդկային Եղբայրութեան առաջին օրուան նշումին,  զոր կազմակերպուած է  Ապու Տապիի մէջ գահաժառանգ Իշխան Մոհամմատ Պին Զայէտի կողմէ իրենց մակասացութիւնը բերին նաեւ Ալ Ազհարի Աւագ Իմամ Ահմատ Ալ Թայըպը, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար՝ Անթոնիօ Կութերէսը եւ այլ անձնաւորութիւններ։

Հանդիպման ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ «Մարդկային Եղբայրութեան Զայըտ» մրցանակի տուչութեան արարողութիւնը, որուն այս տարի արժանացան  Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան իններորդ Ընդհանուր Քարտուղար Փորթուկալցի Անթոնիօ Կութերէսը եւ Երիտասարդութեան եւ Խաղաղութեան Իմատ Միութեան հիմնադիր Մարոցքի Լաթիֆա Իպն Զիատէնը:

Նշենք՝ թէ  Չորեքշաբթի 3 Փետրուար 2021-ի Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յատուկ կոչ մը ուղղեց ի նպաստ Մարդկային Եղբայրութեան առաջին Օրուան, մաղթանք յայտնելով որ   «աշխարհի բոլոր ազգերը միանան այդ տօնախմբութեան, որուն նպատակն է խթանել միջ-կրօնական եւ միջ-մշակութային երկխօսութիւնը»։

Սրբազան Քահանայապետը կոչին մէջ խրախուսեց բոլորը յանձնառու ըլլալ ամէն օր ապրելու եղբայրութիւնը եւ աղօթելու այդ ուղղութեամբ։

 

Քահանայապետին պատգամը

Իսկ այսօրուայ առցանց հանդիպումին ընթացքին իր ներկայացուած լսատեսողական պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս պապը ըսաւ

Քոյրեր եւ եղբայրներ։ Այս  է բառը՝ Քոյրեր եւ եղբայրներ։ Վերահաստատել եղբայրութիւնը, յատուկ կերպով ձեր հետ, իմ եղբայր, իմ բարեկամ, եղբայրութեան ի նպաստ պայքարի մարտահրաւէրներու եւ ճգնաժամերու իմ ընկերակից, Աւագ Իմամ Ահմատ Ալ Թայըպ, որուն շնորհակալութիւն կը յայտնեմ երկու տարի առաջ ներկայացուած փաստաթուղթի շարադրման եւ արտացոլման ճանապարհի վրայ ընկերութեան համար։

Շնորհակալութեան խօսքեր

Ձեր վկայութիւնը մեծապէս օգնեց ինծի, որովհետեւ ան եղաւ քաջարի վկայութիւն։

Գիտեմ թէ դիւրին պարտականութիւն չէր։ Սակայն ձեր հետ կարողացանք զայն կատարել միասին, եւ զիրար օգնել փոխադարձաբար։

Բոլորէն ամենագեղեցիկ բանը այս եղբայրութեան իղձն է, որ ամրապնդուեցաւ իսկական եղբայրութեան մը մէջ։ Շնորհակալ եմ եղբայրս, շնորհակալ եմ։

Կը փափաքիմ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնել  Նորին Մեծութիւն՝  Շէյխ Մոհամմատ Պին Զայէտին բոլոր այն ջանքերուն համար, որով հնարաւոր  դարձաւ ընթանալ այս ճանապարհով։ Ան հաւատաց ծրագրին։ Հաւատաց։ Եւ կարծեմ՝ թէ արդար է նաեւ շնորհակալութիւն յայտնել պարոն դատաւոր, այս ծրագրի «enfant terrible» ը  -ներեցէք խօսքիս համար-  Դատաւոր Ապտել Սալամը, ընկեր, աշխատող, լի գաղափարներով, որ մեզ օգնեց յառաջ ընթանալու։

Շնորհակալութիւն  բոլորին եղբայրութեան վրայ կեդրոնանալու համար, որովհետեւ այսօր եղբայրութիւնը մարդկութեան նոր սահմանն է։ Կամ եղբայրներ ենք եւ կամ զիրար կը կործանենք փոխադարձաբար։

Կամ բոլորս եղբայրներ ենք կամ ամէն ինչ փուլ կու գայ

Այսօր ժամանակ չկայ անտարբերութեան։ Չենք կրնար մեր ձեռքերը լուալ։ Հեռաւորութեամբ, անտարբերութեամբ եւ անշահախնդրութեամբ։ Կամ բոլորս եղբայրներ ենք կամ ամէն ինչ փուլ կու գայ։

Այս է սահմանը։ Սահմանը՝ որուն վրայ պէտք ենք կառուցել, մեր դարաշրջանի մարտահրաւէրը, մեր ժամանակներու մարտահրաւէրը։

Սեփական համոզմունքները  բանակցութեան առարկայ չեն

Եղբայրութիւնը կը նշանակէ երկարող ձեռք, եղբայրութիւնը կը նշանակէ յարգանք։ Եղբայրութիւնը կը նշանակէ ունկնդրել բաց սրտով։ Եղբայրութիւնը կը նշանակէ հաստատակամութիւն սեփական համոզումներու մէջ։  Քանի որ չկայ իրական եղբայրութիւն, եթէ սեփական համոզմունքները դառնան բանակցութեան առարկայ:

Եղբայրներ ենք ծնուած նոյն հօրմէն։ Տարբեր մշակոյթներով եւ աւանդութիւններով, սակայն ամէնքս եղբայրներ։

Եւ յարգելով մեր տարբեր մշակոյթներն ու աւանդութիւնները, մեր տարբեր քաղաքացիութիւնները, պէտք է կառուցել այս եղբայրութիւնը։ Ու ոչ թէ բանակցութեան առարկայ դարձնենք զայն։

Անտարբերութիւնը թշնամութեան նուրբ ձեւ

Ժամն է ունկնդրութեան։. Ժամն է անկեղծ իրար ընդունման։ Ժամն է այն արժանահաւատութեան՝  թէ առանց եղբայրներու աշխարհ մը, թշնամիներու աշխարհ է։  Կ՛ուզեմ ընդգծել այս մէկը. Չենք կրնար ըսել եղբայրներ կամ ոչ եղբայրներ։ Լաւապէս ըսենք այս մէկը, կամ եղբայրներ կամ թշնամիներ։  Որովհետեւ անտեսումը  թշնամանքի շատ նուրբ ձեւ մըն է։

Միայն պատերազմի մը կարիք չէ՝ որ թշնամիներ կը յառաջացնէ։ Բաւ է անտեսել։ Բաւարար է  սոյն  գիտարուեստը  - այս մէկը գիտարուեստ դարձաւ – այլուր հայեացք դարձնելու վերաբերմունքը, անտեսելով միւսը, կարծես թէ գոյութիւն չունենար։

Սիրելի եղբայր Աւագ Իմամ շնորհակալ եմ քու օգնութեանդ համար։ Շնորհակալ եմ քու վկայութեանդ համար։ Շնորհակալ եմ միասին կատարուած այս ուղեւորութեան համար։

Ֆրանչիսկոս Պապին շնորհաւորութիւնները մրցանակակիրներուն

Սրբազան Պապը խօսքը ուղղելով Զայըտ մրցանակի դափնեկիրներուն ըսաւ.

Կ՛ուզեմ ապա մրցանակին համար շնորհակալութիւն յայտնել Միացեալ Ազգերու ընդհանուր քարտուղարին խաղաղութեան ի նպաստ ի գործ դրած բոլոր ջանքերուն համար։ Խաղաղութիւն մը, որ կարելի է ձեռք բերել միայն եղբայրական սրտով մը։ Շնորհակալութիւն տածած աշխատանքին համար։ 

Սիրելի քոյր, «ամէնքս եղբայրներ ենք»  քու վերջին խօսքերդ չ՛արտայայտուեցան յարմարութեան կամ ըսուած  է ասոյթի հիման վրայ։Անոնք համոզում մըն են։ Համոզում՝ մխրճուած տառապանքին մէջ, քու վէրքերուդ մէջ։ Դուն քու կեանքդ վտանգի ենթարկեցիր ժպիտի մը համար, կեանքդ վտանգեցիր ապա-քինախնդրութեան համար, եւ զաւակ մը կորսնցնելու ցաւի միջոցաւ – միայն մայր մը գիտէ ինչ ըսել է զաւակ մը կորսնցնելը – այս տառապանքի միջոցաւ դուն քաջութիւնը ունիս ըսելու «ամէնքս եղբայրներ ենք» եւ սիրոյ խօսքեր սերմանելու։

Շնորհակալութիւն քու վկայութեանդ համար։ Եւ շնորհակալ եմ. որ քու զաւկիդ մայրն ես ու մայր բազմաթիւ զաւակներու, քեզ ունկնդրող այս մարդկութեան մարյը ըլլալու այսօր, մարդկութեան՝ որ քեզմէ կը սորվի թէ կամ եղբայրութեան ճանապարհին պէտք է հետեւիլ, կամ եղբայրներ ու կամ ամէն ինչ կը կորսնցնենք։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/02/2021, 15:11