«Ֆրանչիսկոս Պապին մօտիկութիւնը իսկական մխիթարանք է մեզի համար» Գերապայծառ Միրիաթեան
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Պապին Հայր Յովսէփ Պետոյանի նահատակութեան ու անոր յուղարկաւորութեան առթիւ հրապարակած զօրակցական թուիթին արձագանքելով՝ Բերիոյ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաջնորդ ու Ճեզիրէի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաքելական հոգաբարձու՝ Արհ Պետրոս Արք Միրիաթեան Վատիկան Նիուզ - Ռատիօ Վատիկանի հետ ունեցած զրոյցի առթիւ նշեց թէ «Ֆրանչիսկոս Պապին
մօտիկութիւնը իսկական մխիթարանք է մեզի համար։ Ան մեզի ուժ կու տայ, մեզի զգացնել կու տայ թէ միայնակ չենք։ Համայն Կաթողիկէ եկեղեցին մեր կողքին է։ Համայն աշխարհը մեզի մօտիկ է։ Այս հեռու տարածքը, սիրեցեալ եւ մարտիրոս Սուրիան, ինչպէս կ՛ըսէ Քահանայապետը, մոռցուած չէ»։
«Բնակչութիւն արդէն իմացաւ թէ Սրբազան Պապը անձնապէս ու Սուրիոյ մէջ պապական նուիրակի միջոցաւ, յուզուած է ու մեզ կը յիշէ իր աղօթքներուն մէջ» աւելցուց Բերիոյ Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ