Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Կ՛աղօթեմ Հայր Յովսէփ Պետոյանին համար» Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը։

Ֆրանչիսկոս Պապին մօտիկութիւնը Գամիշլիի Հայ Կաթողիկէ համայնքին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 12 նոյեմբեր 2019-ին յետմիջօրէի 3-ին հրապարակած մէկ թուիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր մօտիկութիւնը արտայայտեց Սուրիոյ Գամիշլիի քաղաքի հայ կաթողիկէ հաւատացեալներուն, հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տէր Յովսէփ Քհն. Պետոյանի սպանութեան կապակցութեամբ։  Սրբազան Պապը ապա վստահեցուց իր աղօթքները քահանային ու անոր հետ սպաննուած հօր հոգւոյն հանգստեան համար, ու հաստատեց թէ կ՛աղօթէ համայն Սուրիոյ քրիստոնեաներուն համար։

«Մօտիկ եմ Սուրիոյ Գամիշլիի հայ կաթողիկէ հասարակութեան, որ համախմբուած է իր ժողովրդապետի՝ Յովսէփ Պետոյանի յուղարկաւորութեան արարողութեան առթիւ, որ սպաննուեցաւ երէկ, իր հօր հետ միասին։ Կ՛աղօթեմ անոնց համար, անոնց հարազատներուն համար ու Սուրիոյ համայն քրիստոնեաներուն համար» գրեց Նորին Սրբութիւնը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/11/2019, 15:00