Մեսրոպեան Հայ Կաթողիկէ վարժարան Մեսրոպեան Հայ Կաթողիկէ վարժարան 

Պէյրութի «Մեսրոպեան վարժարան»էն ներս. Թմրեցուցիչի դէմ պայքարին նուիրուած դասախօսութիւն

Մօտակայ օրերուն թմրեցուցիչի դէմ պայքարին նուիրուած նոյն նիւթով դասախօսութիւն մը պիտի ներկայացուի նաեւ 7-12-րդ դասարանի աշակերտներուն:
Ունկնդրէ լուրը

Կազմակերպութեամբ եւ հրաւէրով Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի Ուղորդումի եւ խորհրդատուութեան բաժանմունքին, Oum El Nour կազմակերպութեան աշխատակցուհի, հոգեբան Մարիամ Հըպըր 13 Մարտ 2024-ին հանդիպում մը ունեցաւ վարժարանի միջնակարգի, երկրորդականի եւ Արուեստիցի աշակերտներու ծնողներուն հետ, խօսելու համար թմրամիջոցներու չարաշահման երեւոյթին մասին:

Տիկին Հըպըր հաստատեց, որ թմրամիջոցներու չարաշահումը լայնածաւալ խնդիր մըն է մեր հասարակութեան մէջ, անհատներու, ընտանիքներու եւ հասարակութեան վրայ իր կործանարար հետեւանքներով, յատկապէս դժուար ժամանակներու մէջ: Ան ըսաւ, որ ծնողները, որ ունին պատանի տարիքի զաւակներ, պէտք է հասկնան այդ տարիքի ֆիզիքական եւ հոգեբանական առանձնայատկութիւնները եւ ըստ այդմ վարուին անոնց հետ: Հոգեբանը զգուշացուց, որ ծնողներու կողմէ յախուռն եւ չմտածուած քայլերը կրնան օտարացնել իրենց զաւակները, ինչ որ պատճառներէն մէկն է, որ անոնք տարուին մոլութիւններով: Այս առիթով, տիկին Հըպըր ներկայացուց շարք մը ձեւեր, որոնք կրնան օգտակար ըլլալ ծնողներուն հետեւելու համար իրենց զաւակներու առողջ վարքագիծին:

Ծնողները բազմաթիւ հարցումներ ուղղեցին բանախօսին եւ արտայայտեցին իրենց ցանկութիւնը այն մասին, որ այս եւ նման նիւթերու շուրջ դարձեալ հանդիպումներ կազմակերպուին դպրոցին մէջ:

Նշենք, որ մօտակայ օրերուն նոյն նիւթով դասախօսութիւն մը պիտի ներկայացուի նաեւ 7-12-րդ դասարանի աշակերտներուն:

1989-ին հիմնադրուած Oum El Nour կազմակերպութիւնը նպատակ ունի աստիճանաբար նուազեցնել թմրամիջոցներէ կախեալութեան մակարդակը Լիբանանի մէջ եւ բարձրացնել իրազեկուածութիւնը տարբեր գործօններու մասին, որոնք ուղղուած են այդ նպատակին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/03/2024, 08:50