Միացեալ Նահանգներու Ծերակուտականները Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու կացութեան եւ ամերիկեան աջակցութեան վերատեսութեան վերաբերեալ բանաձեւ ներկայացուցած Է
Միացեալ Նահանգներու ծերակուտականներ Էտ Մարքին եւ Պիլ Քեսըտի ներկայացուցած են բանաձեւ մը, որով զեկուցում կը պահանջեն Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու կացութեան վերաբերեալ: Այս մասին յայտնեց Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը:
Բանաձեւը արտաքին գործոց նախարարութենէն տեղեկատուութիւն կը պահանջէ Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու խախտումներուն վերաբերեալ` թէ՛ երկրին մէջ, թէ՛ ալ Արցախի դէմ անոր շարունակական զինուորական յարձակումին ժամանակ, որ յանգեցուցած է հայ բնակչութեան ցեղային զտումներու: Ծերակուտականներ Մարքօ Ռուպիոն, Կարի Փիթըրզը, Էլիզապեթ Ուորընը, Շելտըն Ուայթհաուսը, Պապ Մենենտեզը եւ Փիթըր Ուելչը միացած են բանաձեւին:
Ծերակուտական Էտ Մարքին ընդգծած է, որ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը պատասխանատուութեան ենթարկելու անհրաժեշտութիւնը շատոնց արդէն հասունցած է:
«Զինուորական գործողութիւնները երբեք չեն եղած Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան լուծում: Այս բանաձեւը ճնշում կը գործադրէ Ազրպէյճանի կառավարութեան վրայ` պաշտպանելու մարդու իրաւունքները եւ դադրեցնելու շրջանին մէջ հայերուն դէմ յանցագործութիւնները: Մենք պէտք է պաշտպանենք Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի կամքը, իրաւունքները եւ հիմնարար ազատութիւնները», ըսած է Մարքին:
Ծերակուտական Քեսըտի նշած է Ազրպէյճանի կողմէ սրբավայրերու աւերման մասին:
Ծերակուտականներու այս բանաձեւը արտաքին գործոց նախարարութենէն կը պահանջէ մանրամասն տեղեկութիւններ ներկայացնել Ազրպէյճանի գործած մարդու իրաւունքներու խախտումներուն, ներառեալ կամայական սպանութիւններուն, գերիներու խոշտանգումներուն, Արցախէն հայերու տեղահանման եւ կրօնական ու մշակութային վայրերու ոչնչացման վերաբերեալ:
Օտարերկրեայ աջակցութեան մասին հռչակագիրի «502Պի(սի)» բաժինը երկար ժամանակ գոյութիւն ունեցող, սակայն չօգտագործուած օրէնք է, որ կ՛արգիլէ Միացեալ Նահանգներու անվտանգութեան ոլորտի աջակցութիւնը որեւէ երկրի, որուն կառավարութիւնը կը գործէ մարդու` միջազգայնօրէն ճանչցուած իրաւունքներու կոպիտ խախտումներ: Եթէ երկու ծերակուտականներու այս բանաձեւը որդեգրուի, անիկա պիտի ըլլայ առաջին դէպքը, որ Քոնկրեսը 1976 թուականէն ի վեր զեկուցում կը պահանջէ «502Պի(սի)» բաժինին համաձայն:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը համազգային գործողութիւններու արշաւի սկսած է` ծերակուտականներուն կոչ ուղղելով աշխատիլ օրէնսդրութեան որդեգրման ուղղութեամբ:
Աղբիւրը Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ