Իտալիոյ մէջ. «Լիբանանի նախագահական դատարկութեան փուլը պատճառ դարձած է քաոսային մթնոլորտի ստեղծման» շեշտեց Ռայի պատրիարքը
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Հռոմի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իտալիոյ վարչապետ Ճորճիա Մելոնիի հետ, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, յատկապէս նախագահական ընտրութեան տագնապն ու սուրիացի տեղահանուածներուն տագնապալի թղթածրարին մանրամասնութիւնները:
Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ երկրին մէջ տիրող նախագահական դատարկութեան փուլը դիտմամբ ստեղծուած է` երկրին սահմանադրութեան ոգին խախտելով, ինչպէս նաեւ Թաէֆի համաձայնագիրը չգործադրելով: «Լիբանան վերածուած է այնպիսի իշխանութեան մը, որ տարակարծութիւններն ու ապօրինութիւնները չի կրնար լուծել: Իշխանութիւն մը, ուր բազմաթիւ գլուխներ կան, եւ երկիր մը, ուր քաոսային մթնոլորտ ստեղծուած է», հաստատեց Ռայի պատրիարքը:
Ռայի պատրիարքը անդրադարձաւ նաեւ այնպիսի մարտահրաւէրներու, որոնք կը սպառնան Լիբանանին: Ան նկատել տուաւ, որ սուրիացի տեղահանուածները Լիբանանի բնակչութեան 41 առ հարիւրը կը կազմեն` աւելցնելով, որ անոնք երկրին համար տնտեսական եւ ելեւմտական ծանր բեռ են, ինչպէս նաեւ քաղաքական, ապահովական եւ համայնքային վտանգ, որ կրնայ պայթեցնել երկիրը:
Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց միջազգային հասարակութեան պատասխանատուութեամբ գործելու` սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը դիւրացնելու ուղղութեամբ:
Մելոնի իր կարգին յայտնեց, որ Իտալիա հետաքրքրուած է Լիբանանով եւ հոն տիրող կացութեամբ` աւելցնելով, որ Հռոմ պիտի գործէ Լիբանանին օժանդակելու եւ անոր տագնապները փարատելու ուղղութեամբ:
Մելոնի բարձր գնահատեց Լիբանանի իւրայատուկ ու բացառիկ դերակատարութիւնը` Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ