ARMENIA-AZERBAIJAN-KARABAKH-CONFLICT

Ատրպէյճանի զօրքերու կուտակումներու լուրերու լոյսին տակ աւելցաւ Եւրոպական Միութեան դիտորդներու թիւը

«Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Մարքիւս Ռիթըր յայտնեց, որ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի հետ սահմանին զօրքերու կուտակման մասին լուրերու տարածումէն ետք, Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը ուժեղացուց պարեկութիւնը սահմանային այդ հատուածներուն մէջ, որպէսզի դիտորդները իրենց աչքերով տեսածը փոխանցեն Պրիւքսէլ:
Ունկնդրէ լուրը

12 Սեպտեմբերին, Իջեւանի մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան գրասենեակին` Տաւուշի մարզին մէջ իրավիճակին հետեւելու համար: Ցարդ այդ աշխատանքը կը կատարուէր Մարտունիի գրասենեակին միջոցով, սակայն հոն հասնելու համար, երկար ճամբայ պէտք էր կտրել, ինչպէս նաեւ դիտորդներու թիւը քիչ էր։

«Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Մարքիւս Ռիթըր յայտնեց, որ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի հետ սահմանին զօրքերու կուտակման մասին լուրերու տարածումէն ետք, Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը ուժեղացուց պարեկութիւնը սահմանային այդ հատուածներուն մէջ, որպէսզի դիտորդները իրենց աչքերով տեսածը փոխանցեն Պրիւքսէլ: 

Ռիթըր նշեց, որ «Էքս»ի իրենց էջին վրայ գրառումներով կոչ կ՛ուղղեն՝ բարելաւելու իրավիճակը եւ մեղմացնելու լարուածութիւնը: Ըստ անոր՝ Իջեւանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան գրասենեակին բացումով, կարելիութիւն պիտի ստեղծուի, որ դիտորդները օր եւ գիշեր պարեկութիւն իրականացնեն Տաւուշի մարզի սահմանային հատուածներուն մէջ:

Ան նաեւ յայտնեց, որ շաբաթավերջին Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան գլխաւոր գրասենեակ պիտի բացուի նաեւ Եղէգնաձորի մէջ:  

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/09/2023, 08:43