Խաղաղութեան որեւէ համաձայնագիր պէտք է պաշտպանէ Արցախի բնակիչներուն իրաւունքները եւ ապահովութիւնը. Պլինքըն
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց նախարար Էնթընի Պլինքընի յայտարարութիւնը, որուն մէջ ան կ՛ընդգծէ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան որեւէ համաձայնագիր պէտք է պաշտպանէ Արցախի բնակիչներուն իրաւունքները եւ ապահովութիւնը: Միացեալ Նահանգները նաեւ կը քաջալերէ Ատրպէյճանի եւ Արցախի բնակիչներուն միջեւ երկխօսութիւնը:
«Միացեալ Նահանգները խորապէս մտահոգ է Արցախի մէջ մարդասիրական իրավիճակի արագ վատթարացումով: Մենք կը նշենք, որ մարդասիրական բեռները տեղակայուած են թէ՛ Լաչինի եւ թէ Աղտամի երթուղիներու մօտակայքը, եւ մենք կը կրկնենք մեր կոչը՝ անյապաղ եւ միաժամանակ բանալու երկու միջանցքները, որպէսզի ապահովուի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տղամարդոց, կիներուն եւ մանուկներուն համար խիստ անհրաժեշտ մարդասիրական բեռներու առաքումը: Մենք նաեւ կոչ կ՛ուղղենք առաջնորդներուն՝ զերծ մնալու որեւէ գործողութենէ, որ կը սրէ լարուածութիւնը կամ կը շեղէ այդ նպատակէն: Վէճերու լուծման համար ուժի կիրարկումը անընդունելի է: Հարաւային Կովկասի մէջ վերջին շրջանին լարուածութեան աճի լոյսին տակ, Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ վճռականօրէն աջակցիլ չլուծուած հարցերը ուղիղ երկխօսութեան միջոցով լուծելու՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ջանքերուն՝ արժանապատիւ եւ տեւական խաղաղութեան հասնելու նպատակով: Մենք դարձեալ կը յայտարարենք, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ որեւէ խաղաղութեան համաձայնագիր պէտք է պաշտպանէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներուն իրաւունքները եւ ապահովութիւնը: Մենք նաեւ կը քաջալերենք Պաքուի եւ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներուն միջեւ երկխօսութիւնը: Միացեալ Նահանգները նաեւ կը հաստատէ, որ յառաջդիմելու միակ ուղին խաղաղութիւնն է, երկխօսութիւնը եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը՝ միմեանց ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ», կ՛ըսուի վերոնշեալ այտարարութեան մէջ:
Ասոր զուգահեռ, Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) ղեկավար Սամանթա Փաուըր «Էքս»ի իր էջին վրայ գրած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական իրավիճակը արագօրէն կը վատթարանայ:
«Լաչինի եւ Աղտամի երթուղիներուն անյապաղ վերաբացուիլը կարեւոր է, որպէսզի փրկարար օգնութիւնը հասնի Արցախի ժողովուրդին», գրած է Փաուըր:
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ