Հակառակ ժամանակաւորապէս վերականգնած ըլլալուն. Ազրպէյճան դարձեալ կը դադրեցնէ Հայաստանէն Արցախ կազամատակարարումը
8 յուլիսի երեկոյեան վերականգնուած է Հայաստանէն Արցախ կազամատակարարումը, այս մասին կը յայտնէ Արցախի տեղեկատուական շտապը:
Կազամատակարարման վերականգնման հետեւանքով, կուտակուած կազը սկիզբը մատակարարուած է միայն ինքնաշարժներու կազալցակայաններուն` խուսափելու համար լրացուցիչ անվտանգային վտանգներ յառաջացնելէ, կը յայտնեն «Արցախկազ»-էն, աւելցնելով, որ հիմա աշխատակիցները կը կատարեն լրացուցիչ թեքնիք աշխատանքներ` բոլոր բաժանորդներուն կազի մատակարարման համար համակարգը նախապատրաստելու նպատակով:
«Այդ առումով կը յորդորենք բոլոր բաժանորդներուն նախազգուշական միջոցներ ձեռնարկել տեղւոյն վրայ, համոզուիլ, որ կազի օգտագործման կէտերը անվտանգ են, հեղուկ կազի շիշերը որեւէ ձեւով միացուած չեն կազամատակարարման համակարգին եւ մնացած բոլոր պայմանները ապահովուած են կազի օգտագործման համար:
Նախապատրաստական աշխատանքներուն զուգահեռ` «Արցախկազ» փակ բաժնետիրական ընկերութիւնը այսօր սկսած է աստիճանաբար վերականգնել բոլոր բաժանորդներու կազամատակարարումը», կը նշեն ընկերութենէն:
12 դեկտեմբերէն շրջափակման մեջ գտնուող Արցախի մէջ մարտ ամիսէն կազամատակարարումը ամբողջութեամբ եւ անընդմէջ անջատուած էր: Ըստ Արցախի տեղեկատուական շտապի ամփոփագիրին, շրջափակման երկու հարիւրէ աւելի օրերուն ընթացքին Ազրպէյճանը կազամատակարարումը խափանած է 143 օր շարունակ:
Հաշուի առնելով Հայաստանէն Արցախ կազամատակարարման վերականգնումը եւ նաեւ վառելիքի սղութեամբ պայմանաւորուած ինքնաշարժներու կազով լիցքաւորման մեծ պահանջարկը` կառավարութիւնը որոշած է մինչեւ 11 յուլիսի առաւօտեան Արցախի ամբողջ տարածքին մէջ ապահովել շուրջօրեայ ելեկտրամատակարարում: Ատոր շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ կազմակերպել ինքնաշարժներու կազալցակայաններու շուրջօրեայ աշխատանքը եւ ըստ կարելւոյն մեծ քանակի մեքենաներու կազալիցքաւորումը:
Այս ժամկէտին ընթացքին ելեկտրականութեան լրացուցիչ ծաւալի մատակարարումը պիտի կազմակերպուի Սարսանկի ջրամբարի պաշարներու լրացուցիչ օգտագործումով ելեկտրականութեան արտադրանքի ծաւալի յաւելման շնորհիւ: 11 յուլիսէն ելեկտրականութեան մատակարարման համակարգը կրկին պիտի գործէ վեցժամեայ անջատումներու նոյն ժամանակացոյցով. Ազրպէյճանը 9 յունուարէն ի վեր կը շարունակէ խափանած պահել Հայաստանէն Արցախ ելեկտրականութեան մատակարարումը:
Սակայն հակառակ շաբաթ օր կազամատակարարման վերականգնումին, ազրպէյճանական կողմը երէկ կէսօրին դարձեալ ամբողջութեամբ անջատած է զայն, որմէ ետք «Արցախկազ» ընկերութիւնը ներքին ցանցին մէջ կուտակուած կազը մատակարարած է միայն ինքնաշարժներու կազալցակայաններուն, կը հաղորդէ տեղեկատուական շտապը:
Վերջին ժամերուն ընթացքին կուտակուած կազը գրեթէ սպառած է, եւ յառաջիկայ ժամերուն պիտի դադրին գործել նաեւ ինքնաշարժներու կազալցակայանները:
Միաժամանակ «Արցախէներկօ» ընկերութիւնը կը տեղեկացնէ, որ նախօրօք յայտարարուած 11 յուլիսի փոխարէն վաղուընէ` 10 յուլիսէն պիտի գործէ երէկ չեղեալ նկատուած վեցժամեայ անջատումներու ժամանակացոյցը` հաշուի առնելով կազամատակարարման ընդհատումը:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ