Շուշիի կանաչ եկեղեցին Շուշիի կանաչ եկեղեցին 

Ատրպէյճանցիները լրիւ աւերած են Շուշիի ժամ հայկական եկեղեցին

«Շուշիի յուշարձաններուն մէջ առանձնակի հետաքրութիւն կը ներկայացնէ Վերին թաղի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ կամ Կանաչ Ժամ եկեղեցին: Կանաչ Ժամ (կանաչ եկեղեցի) կոչուած է, որ ժամանակին եկեղեցւոյ գմբէթը եղած է կանաչ գոյն:
Ունկնդրէ լուրը

Շուշիի Յովհաննէս Մկրտիչ կամ Կանաչ ժամ հայկական եկեղեցին լրիւ աւերուած է ատրպէյճանցիներու կողմէկ։ Այժմ անիկա վերանորոգման անուան տակ վերածուած է ուղղափառ եկեղեցիին։ Այս մասին յայտնած է Արցախի պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութիւնը։ «Շուշիի յուշարձաններուն մէջ առանձնակի հետաքրութիւն կը ներկայացնէ Վերին թաղի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ կամ Կանաչ Ժամ եկեղեցին: Կանաչ Ժամ (կանաչ եկեղեցի) կոչուած է, որ ժամանակին եկեղեցւոյ գմբէթը եղած է կանաչ գոյն: Եկեղեցւոյ զանգակատան մուտքի վերնամասին մէջ առկայ է կառուցման տարեթիւի մասին արձանագրութիւն . «Բաբայեան Ստեփանոս Յովհաննէս: Վախճանած Մկրտիչ եղբօր յիշատակին, 1847»: Վերջերս ընկերային ցանցերու օգտատէր Էլնուր Ալլահվետիեւը վերադարձած է Կանաչ ժամ եկեղեցին ռուսականացնելու անշնորհակալ գործին: Հարկ է նշել, որ եկեղեցւոյ ռուսականացման փափաքը Ատրպէյճանի մէջ նոր երեւոյթ չէ: Ժամանակին Ֆուատ Ախունդով անհիմն ձեւով անիկա համարած էր «ռուս ուղղափառներուն»: 1960-ականներու կէսերուն Պաքուի մէջ որոշեց քшնդել քաղաքի հայկական մասը՝ ատրպէյճանցի վերաբնակիչներուն համար «բնակելի տարածքը» ընդլայնելու եւ ի հարկէ Շուշիի հայկական հետքերը վերшցնելnւ համար: Այդ ընթացքին քшնդուած են հայկական երեք՝ եւ պահպանուած ռուսական մէկ եկեղեցիները, nչնչшցած են քանի մը հայկական գերեզմшնшտուներ ՝ գեղեցիկ խաչքարերով եւ յnւշшրձшններով: «Կանաչ ժամ» եկեղեցին, որ Ֆուատ Ախունդովը անհիմն համարած է «ռուս ուղղափառներուն», վերածուած է պատկերասրահի:

Աղբիւրը՝ Գանձասար

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/07/2022, 08:43