Սիրացի փախստական մանուկները Լիբանանի մէջ Սիրացի փախստական մանուկները Լիբանանի մէջ 

Ձեռնարկել գործողութիւններ՝ պատերազմներու ընթացքին երեխաներու պաշտպանութեան համար»․ ԵՈՒՆԻՍԵՖ

ԵՈՒՆԻՍԵՖի «Մանուկներու և զինուած հակամարտութիւններու 25 տարիները. ձեռնարկել քայլեր պատերազմներու ընթացքին մանուկները պաշտպանելու համար» զեկոյցը կ’արձանագրէ 2005-2020 թուականներուն 266,000 մանուկներու նկատմամբ լուրջ խախտումները
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Լոյս տեսած է ԵՈՒՆԻՍԵՖի նոր զեկոյցը՝ 2005-էն 2020 թուականներուն 30է աւելի զինուած հակամարտութիւններու ընթացքին աւելի քան 266,000 մանուկներու նկատմամբ լուրջ խախտումներու վերաբերեալ։

«Մանուկներու և զինուած հակամարտութիւններու 25 տարիները. ձեռնարկել քայլեր` մանուկներուն պատերազմներու ընթացքին պաշտպանելու համար» բնաբանը կրող զեկոյցին մէջ կը նշուէ, որ 2005-2020 թուականներու ժամանակ արձանագրուած է․

· աւելի քան 104,100 սպաննուած կամ հաշմանդամ երեխաներու դէպք;

· աւելի քան 93,000 երեխայ հաւաքագրուած և օգտագործուած է հակամարտող կողմերու կողմէ;

· առնուազն 25700 երեխայ առևանգուած և ենթարկուած է բռնաբարութեան և հարկադիր ամուսնութեան;

· առնուազն 14200 երեխայի նկատմամբ իրականացուած են սեռական լուրջ բռնութիւններ

Բացի այդ, 2005էն ի վեր ՄԱԿը արձանագրած է դպրոցներու և հիւանդանոցներու վրայ յարձակումներու աւելի քան 13,900 դէպք և ոչ պակաս, քան 14,900 դէպք՝ երեխաներուն մարդասիրական օգնութիւններու արգելքի:

«Այս զեկոյցը հնարաւորինս սուր կերպով կ’ընդգծէ զինուած հակամարտութիւններու ատեն երեխաները լուրջ բռնութիւններէ պաշտպանելու աշխարհի անկարողութիւնը», - ըսած է ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի գլխաւոր տնօրէն Քեթրին Ռասելը աւելցնելով, որ բռնութիւնները դէպի կործանում կը մղեն մանուկները, անոնց ընտանիքները և համայնքները ալ աւելի դժուարացնելով խաղաղութեան, անվտանգութեան և կայունութեան վերականգնումն ու պահպանումը։

Տուեալներու և վերլուծութիւններու վրայ հիմնուած այդ Զեկոյցը կը յորդորէ, ի վերջոյ, բոլոր շահագրգիռ կողմերուն, ներառեալ հակամարտող կողմերուն, Պետութիւններուն և ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհուրդին, համակենտրոնացնել ուժերը՝ արդիւնաւէտ և կայուն կերպով պաշտպանելու մանուկները և, այդ նպատակով, արագ կերպով գործելու՝ տեղական, ազգային, տարածաշրջանային մակարդակներուն վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/06/2022, 12:59