Կիներուն դէմ բռնութիւններու  վերացման միջազգային օրը Կիներուն դէմ բռնութիւններու վերացման միջազգային օրը 

Այսօր կը յիշատակուի Կիներուն դէմ բռնութիւններու վերացման միջազգային օրը

Օրը կը յատկանշէ նաեւ սեռային հիմքի վրայ բռնութեան դէմ 16-օրեայ արշաւին մեկնարկը որ կը տեւէ մինչեւ 10 դեկտեմբեր Մարդկային իրաւունքներուն պաշտպանութեան միջազգային օր, եւ որ առաջին անգամ նախաձեռնուեցաւ Կիներու համաշխարհային առաջնորդութեան հիմնարկին կողմէ, 1991-ին:
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական բաժին

17 դեկտեմբեր 1999 ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի որոշումով 25 նոյեմբերը հաստատուեցաւ որպէս Կիներու դէմ բռնութեան միջազգային օր, որուն առթիւ կոչ կ՛ուղղուի կառավարութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն այդ օրուան առթիւ կազմակերպելու ձեռնարկներ հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը հրաւիրելու ու զայն իրազեկ դարձնելու այս ընկերային ծանր հարցին մասին։

Օրը կը յատկանշէ նաեւ սեռային հիմքի վրայ բռնութեան դէմ 16-օրեայ արշաւին մեկնարկը, որ կը տեւէ մինչեւ 10 դեկտեմբեր, Մարդկային իրաւունքներուն պաշտպանութեան միջազգային օր, եւ որ առաջին անգամ նախաձեռնուեցաւ Կիներու համաշխարհային առաջնորդութեան հիմնարկին կողմէ, 1991-ին:

Սեռային հիմքի վրայ բռնութեան (gender based violence) դէմ 16-օրեայ արշաւը միջազգային քարոզարշաւ մըն է` ուշադրութիւն սեւեռելու համար կիներու նկատմամբ բռնութեան զանազան երեւոյթներուն վրայ, ինչպէս` բռնաբարութիւնը, բռնութիւնը տուժողներուն նկատմամբ, ընտանեկան բռնութիւնը, սպանութիւններ պատուի համար եւ այլ տեսակի բռնութիւններ` կիներու եւ աղջիկներու նկատմամբ:

Քարոզարշաւի նշանաւոր թուականներն են` նոյեմբեր 25` Կիներու նկատմամբ բռնութեան վերացման միջազգային օր, նոյեմբեր 29` Կիներու մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան միջազգային օր, դեկտեմբեր 1` ՍԻՏԱ-ի համաշխարհային օր, Միջազգային կամաւորական տնտեսական եւ ընկերային զարգացման համար, դեկտեմբեր 6` Կիներու նկատմամբ բռնութեան յիշատակի եւ գործողութիւններու ազգային օր (Քանատայի մէջ) եւ դեկտեմբեր 10` Մարդու իրաւունքներու միջազգային օր եւ Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրի յայտարարման միջազգային օր:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/11/2021, 10:29