Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը 

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը պետութիւնը պատասխանատու նկատեց երկրին տագնապներուն եւ անոնց հետեւանքներուն

Խորհուրդը կոչ ուղղեց չարաշահումներ կատարողներուն եւ հաստատութիւններու ու կայարաններու սեփականատէրերուն խիղճով գործելու եւ քաղաքացիին կեանքը դժոխքի չվերածելու:
Ունկնդրէ լուրը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ խորհուրդը բարկութեամբ, շշմած եւ ցաւով կը հետեւի հանրութեան շահերը այսքան վատ կերպով տնօրինելու իրականութեան, ինչպէս նաեւ քաղաքական տագնապին բարդացումին` տրուած ըլլալով, որ աւելի քան տարիէ մը ի վեր տակաւին կարելի չէ կառավարութիւն կազմել` չափաբաժիններ ստանալու պատճառով:

Մարոնի եպիսկոպոսները զգուշացուցին, որ այս բոլորը կրնայ Լիբանանի Ազգային ուխտին եւ Թաէֆի սահմանադրութեան դէմ յեղաշրջում մը թաքցնել, եւ պետութիւնը պատասխանատու նկատեցին երկրին տագնապներուն եւ անոնց հետեւանքներուն:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը կտրականապէս մերժեց քաղաքացիներուն ծրագրաւորուած նուաստացումը` դրամատուներէն իրենց իսկ գումարները մուրալու, պենզինի կայարաններուն դիմաց հերթ սպասելու կամ դեղորայք գտնելու անկարելիութեան դիմաց գտնուելու առումով:

Խորհուրդը կոչ ուղղեց չարաշահումներ կատարողներուն եւ հաստատութիւններու ու կայարաններու սեփականատէրերուն խիղճով գործելու եւ քաղաքացիին կեանքը դժոխքի չվերածելու:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը պահանջեց չարաշահողները յանձնել դատական իշխանութիւններուն եւ զանոնք դատավարութեան ենթարկել ու պատժել:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը հաստատեց նաեւ, որ, իր կարծիքով` ազատ, անկախ եւ գերիշխան Լիբանանը անհետանալու սեմին կը գտնուի, եւ անոր ետին կը կանգնին շրջանային եւ տեղական ուժեր, «հետեւաբար խորհուրդը կոչ կ՛ուղղէ լիբանանցիներուն իրենց ամբողջ ուժով մերժելու եւ պայքարելու այդ դաւադրութեան դէմ: Հարցը ճակատագրական է, այլ խօսքով` կենաց մահու խնդիր», կը նշէ Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդին հրապարակած հաղորդագրութիւնը:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին յարգելու եւ գործադրելու Լիբանանի վերաբերող միջազգային բանաձեւերը` պահպանելով լիբանանեան պետութեան գոյութիւնն ու կառուցուածքը` միջազգային եւ շրջանային տարակարծութիւններէն հեռու պահելով երկիրը:

Աղբիւրը` «Ազդակ»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/09/2021, 08:24