Նիու Եորք Նիու Եորք 

11 Սեպտեմբերի յարձակումներէն 20 տարի ետք երկու զոհերու ինքնութիւնը ճշդուած է

Յիշեցնենք, որ 2753 զոհեր արձանագրուեցան, երբ Քայիտա ահաբեկչական կազմակերպութիւնը 11 սեպտեմբեր 2001-ին ճամբորդատար երկու օդանաւերով հարուածեց Մանհաթընի երկու երկնաքերերը: Մինչեւ հիմա 1106 անձերու, այսինքն` զոհերու շուրջ 40 առ հարիւրին ինքնութիւնը չէ ճշդուած

11 սեպտեմբեր 2001-ի ահաբեկչական յարձակումներէն օրեր առաջ կարելի եղած է Նիւ Եորքի յարձակումներու երկու զոհերու ինքնութիւնը ճշդել ծիներու յայտնաբերման նոր ճարտարագիտութեան շնորհիւ:

Նիւ Եորքի մէջ Դատաբժշկական բժշկութեան հիմնարկի նախագահ Պարպարա Սամփսըն հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ հիմնարկի տարրալուծարանները յաջողած են Համաշխարհային առեւտուրի կեդրոնին մէջ զոհուած երկու այլ անձերու ինքնութիւնը ճշդել, եւ այդպիսով ինքնութիւնը յայտնի եղող զոհերուն թիւը կը բարձրանայ 1647-ի:

Յիշեցնենք, որ 2753 զոհեր արձանագրուեցան, երբ Քայիտա ահաբեկչական կազմակերպութիւնը 11 սեպտեմբեր 2001-ին ճամբորդատար երկու օդանաւերով հարուածեց Մանհաթընի երկու երկնաքերերը: Մինչեւ հիմա 1106 անձերու, այսինքն` զոհերու շուրջ 40 առ հարիւրին ինքնութիւնը չէ ճշդուած:

Նիւ Եորքի մէջ Դատաբժշկական բժշկութեան հիմնարկի նախագահ Պարպարա Սամփսընի գրասենեակը յայտնեց. «Քսան տարի առաջ Համաշխարհային առեւտուրի կեդրոնի զոհերու ընտանիքներուն խոստացանք, որ մեր կարելին պիտի ընենք, որքան ալ երկարատեւ ըլլայ, ճշդելու իրենց սիրելիներուն դիակները: Երկու զոհերու ինքնութիւնը ճշդելով կը շարունակենք մեր հաստատ յանձնառութիւնները յարգել»:

Զոհերէն մէկը Տորոթի Մորկընն է, որ կ՛ապրէր Լոնկ Այլընտի մէջ, եւ անոր դիակը յայտնաբերուած էր 2001-ին, իսկ երկրորդը այր մարդ մըն է, որուն մարմինէն մասեր գտնուած էին 2001-ին, 2002-ին եւ 2006-ին, սակայն անոր անունը չէ հրապարակուած իր ընտանիքին խնդրանքով:

Սամփսըն յայտնեց, որ գործողութիւնն ու ճարտարագիտութիւնը, որ վերջին երկու տասնամեակներուն ընթացքին ի սպաս դրուեցան զոհերու ինքնութեան ճշդման համար, «Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ մեծագոյն ու ամէնէն բարդ քրէական հետաքննութիւնն են»:

Ատիկա կարելի եղած է ծիներու շարքի ճարտարագիտութեան նոր սերունդի շնորհիւ:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/09/2021, 07:50