Խնածախի Ս. Աստուածածին եկեղեցի Խնածախի Ս. Աստուածածին եկեղեցի 

Ուխտագնացութիւն՝ դէպի Խնածախի Ս. Աստուածածին եկեղեցի

Անդրէաս քահանայ Թաւադեան հաւատացեալներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ նշեց, որ Աստուածածինը պէտք է ընդունիլ՝ իբրեւ ճշմարիտ մայր, համաքրիստոնէական ծնող եւ մեր ազգի բարեխօս:
Ունկնդրէ լուրը

8 Սեպտեմբերին` Մարիամ Աստուածածինի ծննդեան օրը, Արցախի թեմը կազմակերպեց ուխտագնացութիւն՝ դէպի Ասկերանի շրջանի Խնածախ համայնքի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի: Ուխտի Ս. պատարագը մատուցեց Անդրէաս քահանայ Թաւադեան:

Անդրէաս քահանայ Թաւադեան հաւատացեալներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ նշեց, որ  Աստուածածինը պէտք է ընդունիլ՝ իբրեւ ճշմարիտ մայր, համաքրիստոնէական ծնող եւ մեր ազգի բարեխօս: «Իր աստուածային շնորհով, մաքրամաքուր զգացմունքներով այնպիսի շունչ, ոգի ու սիրտ տուեց զաւակին, որ կարողացաւ նրան ընծայել մարդկութեանը որպէս կատարեալ մարդ եւ կատարեալ Աստուած: Մեր ժողովուրդը շատ լաւ է հասկացել Աւետարանի պատգամը, ճիշդ ընթացել այն գաղափարներով, որոնց մարմնացումը փրկութիւն է բերում ազգին: Մեր մայրերը Մարիամի օրինակով իրենց զաւակներին տուել են մարդասիրութեան, հայրենասիրութեան եւ աստուածասիրութեան հոգին, որոնք արտայայտուել են մեր հայրերի ու եղբայրների կատարած գործերով: Այսօր դժուար օրեր ենք ապրում, սակայն սիրելի՛ կանայք, դուստրեր, պէտք է վերագտնել այն նոյն ոգին, եռանդն ու ուժը, որ ոգեւորում եւ սէր պիտի տայ նոր սերնդին», պատգամեց տէր Անդրէասը:

Յաւարտ Սուրբ պատարագին կատարուեցաւ Մատաղի օրհնութիւն եւ բաշխում:

Աղբիւրը` «Ասպարէզ»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/09/2021, 08:22