Քոլոմպիայի մէջ տարածուած է քովիտի «մու» տարբերակը Քոլոմպիայի մէջ տարածուած է քովիտի «մու» տարբերակը 

Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը կը հետեւի «Քորոնա»-ի նոր Տտարբերակին

Կազմակերպութիւնը կը հաղորդէ, որ գոյութիւն ունին «Քորոնա» ժահրի չորս մտահոգիչ տարբերակներ, որոնցմէ են «Ալֆա»-ն, որ մինչեւ օրս տարածուած է 193 երկիրներու մէջ, ինչպէս նաեւ «Տելթա»-ն, որ մինչեւ օրս տարածուած է 170 երկիրներու մէջ: Գոյութիւն ունին նաեւ հինգ տարբերակներ, որոնց պէտք է հետեւիլ. «Մու»-ն անոնցմէ մէկն է:
Ունկնդրէ լուրը

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը յայտարարեց, որ կը հետեւի «Քորոնա» ժահրի նոր տարբերակի մը, որ «Մու» կը կոչուի եւ առաջին անգամ յունուարին նկատուած է Քոլոմպիոյ մէջ:

Կազմակերպութիւնը յայտնեց, որ «Պի.1.621» գիտական անունը կրող նոր տարբերակը առայժմ կը գտնուի «Տարբերակ մը, որուն պէտք է հետեւիլ» դասակարգին մէջ: Ըստ կազմակերպութեան, այս տարբերակը կրնայ պատուաստներու դիմադրականութիւն ունենալ, ինչ որ անհրաժեշտ կը դարձնէ զայն յաւելեալ ուսումնասիրութեան ենթարկել` անոր իւրայատկութիւնները աւելի լաւ հասկնալու համար:

Կազմակերպութիւնը կը հաղորդէ, որ գոյութիւն ունին «Քորոնա» ժահրի չորս մտահոգիչ տարբերակներ, որոնցմէ են «Ալֆա»-ն, որ մինչեւ օրս տարածուած է 193 երկիրներու մէջ, ինչպէս նաեւ «Տելթա»-ն, որ մինչեւ օրս տարածուած է 170 երկիրներու մէջ: Գոյութիւն ունին նաեւ հինգ տարբերակներ, որոնց պէտք է հետեւիլ. «Մու»-ն անոնցմէ մէկն է:

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը կը հաղորդէ, որ հակառակ «Մու» տարբերակի աշխարհի վրայ տարածման, անոր համեմատութիւնը նուազ քան 0,1 առ հարիւր է, սակայն Քոլոմպիոյ մէջ անոր տարածումը 39 առ հարիւր է, իսկ Էքուատորի մէջ 13 առ հարիւր է եւ կը բարձրանայ:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/09/2021, 13:23