Անիի մէկ հայկական եկեղեցին Անիի մէկ հայկական եկեղեցին  

Հին Հայկական Անի քաղաքին մէջ պեղումներ սկսած են

Կը նշուի, որ ջանքեր պիտի գործադրուին յայտնաբերուած իրերը պահպանելու ուղղութեամբ։

Այժմեան Թուրքիոյ տարածքին գտնուող հին հայկական Անի քաղաքին մէջ պեղումներ սկսած են։ Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Կովկասի համալսարանի գիտութեան եւ գրականութեան բաժանմունքի արուեստի պատմութեան ամպիոնի վարիչ Մուհամետ Արսլանի փոխանցած տեղեկութիւնները։ Պեղումները կ՝իրականացուին երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հրամանով։

Պեղումներուն կը մասնակցին 35 հնագէտ եւ 12 համալսարանի ներկայացուցիչ:

Կազմակերպիչներու կարծիքով՝ Հայաստանի հետ սահմանին՝ Կարսի Արփաչայ շրջանէն ոչ հեռու գտնուող Անի անտիկ քաղաքի աւերակներուն պեղումները հնարաւորութիւն պիտի տան ընդլայնելու տարածաշրջանի զբօսաշրջային ներուժը, եւ որ այնտեղ կեդրոնացած մշակութային արժէքները պիտի գրաւեն տեղի եւ օտար զբօսաշրջիկներուն ուշադրութիւնը:

Կը նշուի, որ ջանքեր պիտի գործադրուին յայտնաբերուած իրերը պահպանելու ուղղութեամբ։

Անիի պատմութեան եւ քաղաքի տաճարներուն մասին նիւթին մէջ ընդհանրապէս չի խօսուիր հայերու մասին: Հաշուի առնելով թրքական իշխանութիւններուն նման վերաբերմունքը հայկական պատմական ժառանգութեան նկատմամբ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման քաղաքականութիւնը՝ դժուար չէ կանխատեսել, որ այդ պեղումները պիտի յանգեցնեն հայկական հետքի ոչնչացման։

Աղբիւրը՝ «Եռագոյն»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/09/2021, 08:28