Լիբանանի Վարչապետ Միքաթի Լիբանանի Վարչապետ Միքաթի  

Լիբանանի նոր կառավարութիւնը ծնունդ առաւ 13 ամսուան տառապալից երկունքէ ետք։ Ճորճ Պուչիքեան՝ ճարտարարուեստի նախարար

Վարչապետ Միքաթի կը խոստանայ ամէն ջանք ի գործ դնել` լուծելու համար երկրին տագնապները

Լիբանանի վարչապետ Հասսան Տիապի կառավարութեան հրաժարելէն 13 ամիս ետք, 10 Սեպտեմբերին յայտարարուեցաւ երկրին նոր կառավարութեան կազմութիւնը, նորանշանակ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Աունի միջեւ համաձայնութեան շնորհիւ։

Բարեկարգումներ իրականացնող նոր կառավարութեան մը կազմութիւնը Լիբանանի օժանդակութիւն խոստացող կառավարութիւններու եւ կազմակերպութիւններու գլխաւոր պայմանն էր, սակայն հակառակ այն իրողութեան, որ մեծ թիւով մասնագէտներ եւ նոր դէմքեր կան նոր կառավարութեան մէջ, յստակ չէ, թէ անիկա պիտի կարենա՞յ իրականացնել իրմէ սպասուող ակնկալիքները, յատկապէս որովհետեւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը նշանակուած է քաղաքական կամ կրօնական ուժի մը կողմէ։

Ըստ կարգ մը լրատուամիջոցներու, նոր կառավարութիւնը կազմուած է արտաքին ճնշումներու իբրեւ արդիւնք։

Նոր կառավարութեան մէջ ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնը պիտի ստանձնէ Ճորճ Պուչիքեան։

Արտաքին գործոց նախարարն է՝ Ապտալլա Պու Հապիպ, ներքին գործոց նախարարը՝ Պասսամ Մաուլաուի, իսկ տնտեսութեան եւ առեւտուրի՝ Ամին Սալամ իսկ ելեւմուտքի՝ Եուսեֆ Խալիլ։

Աղբիւրը` «Ասպարէզ»

Նոր կառավարութեան կազմն է.

– Նեժիպ Միքաթի` վարչապետ
– Սաատէ Շամի` փոխվարչապետ
– Պասսամ Մաուլաուի` ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար
– Ֆիրաս Ապիատ` առողջապահութեան նախարար
– Նասեր Եասին` կենսոլորտի նախարար
– Ամին Սալամ` տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար
– Ճորճ Պուչիքեան` ճարտարարուեստի նախարար
– Եուսեֆ Խալիլ` ելեւմուտքի նախարար
– Ալի Համիէ` հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար
– Ապպաս Հաժ Հասան` երկրագործութեան նախարար
– Մոհամետ Մուրթատա` մշակոյթի նախարար
– Մուսթաֆա Պայրամ` աշխատանքի նախարար
– Ապպաս Հալապի` կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար
– Իսամ Շարաֆէտտին` գաղթականներու հարցերու նախարար
– Ապտալլա Պու Հապիպ` արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար
– Ճոնի Քըրըմ` հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար
– Ուալիտ Նասսար` զբօսաշրջութեան նախարար
– Ժորժ Քըրտահի` տեղեկատուութեան նախարար
– Հանրի Խուրի` արդարութեան նախարար
– Ուալիտ Ֆայեատ` ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար
– Մորիս Սլիմ` պաշտպանութեան նախարար
– Հեքթոր Հաժժար` ընկերային հարցերու նախարար
– Ժորժ Քալլաս` երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար
– Նաժլա Ռիաշի` վարչական բարեկարգումի պետական նախարար

Կառավարութեան նոր կազմը յայտարարելէն անմիջապէս ետք, վարչապետ Միքաթի կատարեց յուզումնախառն յայտարարութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձաւ լիբանանցիներու տառապանքին:

Վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ նորակազմ կառավարութիւնը Իսրայէլէն բացի բոլորին հետ պիտի գործէ` ի խնդիր Լիբանանի շահերուն:

«Ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեմ` փրկելու համար Լիբանանը: Պիտի թակեմ միջազգային կազմակերպութիւններուն դռները, պիտի դիմեմ արաբական աշխարհին` լիբանանցիներուն տրամադրելու իրենց տարրական ու կենսական կարիքները, եւ կը շեշտեմ Լիբանանի գերագոյն շահերուն համար միասնականութեամբ աշխատելու կարեւորութիւնը»:

Կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդի մասին հարցումի մը պատասխանելով` վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ իրենք չեն փափաքիր, որ ոեւէ մէկը արգելակէ աշխատանքը:

Ան շեշտեց, որ աշխատանքը խանգարել փափաքողը կրնայ ինքզինք դուրս շպրտել, որովհետեւ այսօր աշխատանքի ժամանակն է եւ ոչ թէ քաղաքական բանավէճի ժամանակը:

«Մենք աշխատանքի մէկ խմբակ ենք եւ պիտի աշխատինք վերջ տալու յուսալքումին եւ ընկճուածութեան: Պիտի գործենք յոյսով, կամքով ու կորովով` հիմնուելով այն սկզբունքին վրայ, որ մենք ամբողջ հայրենիքին ենք եւ ոչ թէ այս կամ այն կողմին: Մեր աշխատանքը պիտի կատարենք Ազգային ուխտին, լիբանանեան սահմանադրութեան եւ կանոններուն համաձայն», ըսաւ ան:

Վարչապետ Միքաթի հաստատեց երեսփոխանական, քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին կատարելու իր յանձնառութիւնը:

Կառավարութեան շնորհուելիք վստահութեան քուէին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Միքաթի յայտնեց, որ նախագահ Աուն հաստատած է, որ ինք պիտի խորհրդակցի Հզօր Լիբանան համախմբումին հետ, որ իր վստահութեան քուէն պիտի շնորհէ կառավարութեան:

Իր կարգին, նախագահ Աուն յայտնեց, որ կառավարութեան նոր կազմը լաւագոյն կարելիութիւնն էր` աւելցնելով, որ անիկա աշխատանքի կարողութիւն ունի:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ սահմանադրական կարգ մը հարցերու պատճառով կառավարութեան կազմութիւնը ուշացում արձանագրեց, սակայն սահմանադրութիւնն ու կառավարութեան կազմութեան աւանդը պահպանուեցան:

Նախագահ Աուն յայտնեց, որ իրենց հիմնական մտահոգութիւնը ժողովուրդին դիմագրաւած հարցերուն լուծումն է: Ան շեշտեց, որ իրենք հսկայական պատասխանատուութիւններու դիմաց կը գտնուին, եւ պէտք է աշխատին դուրս գալու համար Լիբանանը յուզող ներկայ տագնապէն, ինչպէս նաեւ Լիբանանը հարուածած փորձանքներուն հետեւանքներէն:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ պէտք չէ մոռնալ նախորդ 30 տարուան կառավարման վատ ձեւը, որուն պատճառով արդէն իսկ տագնապները դիզուած էին եւ աւելի եւս բարդացան Լիբանանը հարուածած յաւելեալ փորձանքներով:

Նախագահական պալատի լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանան դժոխքէն դուրս պիտի գայ` ընդգծելով, որ ինք կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդը չունի, եւ աւելցնելով, որ ատիկա իր դէմ մղուող քաղաքական պատերազմ էր:

Նախագահ Աուն անհրաժեշտ նկատեց, որ աշխատանքը համախոհութեամբ կատարուի` հաստատելով, որ Սուրիոյ հետ յարաբերութիւնները հաստատ են:

Միւս կողմէ, կառավարութեան կազմութեան ընթացքին ամերիկեան տոլարին սակը անկում արձանագրեց եւ հասաւ 15.700 լ. ոսկիի, իսկ կէսօրէ ետք ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշին սակը վերածուեցաւ 16.000 լ. ոսկիի:

Նշենք, որ կառավարութիւնը իր առաջին նիստը պիտի գումարէ երկուշաբթի, 13 սեպտեմբեր 2021-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:

Կառավարութեան կազմութիւնը արժանացաւ տեղական, արաբական եւ միջազգային ողջոյնի:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/09/2021, 09:01