Դպրոցականներ Դպրոցականներ 

Լիբանան. Հայր Եուսեֆ Նասըր. «Հակառակ մարտահրաւէրներուն` պիտի փորձենք կրթական տարեշրջանը փրկել»

Հայր Նասըր յայտնեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն նոր ձեւեր որդեգրելու, որպէսզի կարելի ըլլայ դպրոցներուն մէջ աշակերտներու խճողուած իրավիճակներու դիմաց չգտնուիլ:
Ունկնդրէ լուրը

Կաթողիկէ դպրոցներու ընդհանուր քարտուղար հայր Եուսեֆ Նասըր յայտնեց, որ հակառակ բոլոր մարտահրաւէրներուն, իրենք պիտի փորձեն կրթական տարեշրջանը փրկել:

Նասըր շեշտեց, որ կրթական տարեշրջանը անհրաժեշտութիւն է` աւելցնելով, որ պէտք է սկսիլ այդ տարեշրջանին, որովհետեւ արդէն իսկ «Քորոնա» համաճարակէն նախազգուշանալու իմաստով հսկայ փորձառութիւն ձեռք ձգուած է:

Ան նշեց, որ դպրոցները ամէնէն ապահով վայրերն են, որովհետեւ հոն կարգ ու կանոն կայ, եւ այդ օրէնքին յանձնառու մնալը` «Քորոնա» ժահրով վարակուելէ կը փրկէ:

Հայր Նասըր յայտնեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն նոր ձեւեր որդեգրելու, որպէսզի կարելի ըլլայ դպրոցներուն մէջ աշակերտներու խճողուած իրավիճակներու դիմաց չգտնուիլ:

Ան կոչ ուղղեց լիբանանեան պետութեան զօրակցելու դպրոցներուն, որպէսզի ճգնաժամային այս օրերուն կարենայ կրթական իր առաքելութիւնը իրականացնել:

Հայր Նասըր յայտնեց, որ իրենք հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ համաձայնած են նախագահական պալատին մէջ գումարել արտակարգ կրթական նիստ մը, որուն ներկայ պիտի գտնուին կրթութեան մարզին հետ կապուած բոլոր նախարարութիւններուն ներկայացուցիչները, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչը, Դրամատուներու միութիւնն ու նուիրատու երկիրներու ներկայացուցիչները:

Ան հաստատեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն կարելի եղածին չափ մեղմացնելու գրենական պիտոյքի ծախսերը:

Հայր Նասըր հաստատեց նաեւ, որ դպրոցական տարազի պարագային կաթողիկէ դպրոցներուն մէջ մնացած նոր տարազները մատչելի սակով պիտի վաճառուին, իսկ տարազ չունեցողներուն պարագային համաձայնութիւն պիտի գոյանայ, որ անոնք գոց կապոյտ ճինզ եւ թի-շըրթ հագուին ու դպրոց յաճախեն:

Աղբիւրը` «Ազդակ»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/09/2021, 08:00