Հայիթիի մէջ 260.000 մանուկները կարիքը ունին մարդասիրական օգնութեան Հայիթիի մէջ 260.000 մանուկները կարիքը ունին մարդասիրական օգնութեան 

Հայիթիի երկրաշարժէն մէկ ամիս ետք 260.000 մանուկներ տակաւին կարիք ունին մարդասիրական օգնութեան

ՅՈՒՆԻՍԵՖի համաձայն 73,3 միլիոն տոլարի անհրաժեշտութիւնը կայ համապատասխանելու համար բնակչութեան մարդասիրական կարիքներուն։ Կազմարարութիւնը կոչ ուղղած է այդ առնչութեամբ եւ մինչեւ այժմ հաւաքած է այդ գումարի 11 առ հարիւրը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

ՄԱԿ-ի Մանկական հիմնադրամ` ՅՈՒՆԻՍԵՖի փոխանցած տուեալներու համաձայն մէկ ամիս առաջ Հայիթիի կղզին հարուածող 7,2 ուժգնութեամբ երկրաշարժի հետեւանքով այսօր կղզիին վրայ 650.000 մարդ կարիքը ունի մարդասիրական օգնութիւններուն, անոնց շարքին են 260.000 մանուկներ։

«Հայիթիի մանուկները տակաւին պայքար կը մղեն ընդունելու համար ահաւոր երկրաշարժի հետեւանքները, որ կործանեց անոնց տուները, դպրոցները, առողջապահական կառոյցներն ու հասարակութիւնները» յայտարարած է Լատին Ամերիկայի եւ Քարայիպեան կղզիներու ՅՈՒՆԻՍԵՖԻ տարածաշրջանային տնօրէն Տիար Թան Քուկը մատնանշելով նաեւ ըմպելի ջուրի ու առողջապահական հիմնական ծառայութիւններու պակասին, որոնց հետեւանքով բազմաթիւ անձերու կեանքը վտանգի մէջ է։

Երկրաշարժի պատճառաւ վնասուած են 82 առողջապահական կառոյցներ ու մինչեւ օրս խնամուած վիրաւորներու թիւը գերազանցած է 12.000։ Կառոյցներու պակասը աճեցուցած է նաեւ նորածիններու ու ծննդաբերող մայրերու մահուան դէպքերու թիւը։

ՅՈՒՆԻՍԵՖը մեծ աշխատանք կը տանի ապահովելու համար անմիջական խնամակալութեան համար դեղորայք եւ այլ բժշկական սարքաւորումներ, ինչպէս նաեւ սննդեղէն ու այլ կենսական ծառայութիւններ, որոնց շարքին նաեւ «շրջուն բուժարաններ», զանոնք յատկացնելով մանուկներուն ու ընտանիքներուն որոնք կարիքն ունին խնամքի։

ՅՈՒՆԻՍԵՖի համաձայն 73,3 միլիոն տոլարի անհրաժեշտութիւնը կայ համապատասխանելու համար բնակչութեան մարդասիրական կարիքներուն։ Կազմարարութիւնը կոչ ուղղած է այդ առնչութեամբ եւ մինչեւ այժմ հաւաքած է այդ գումարի 11 առ հարիւրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/09/2021, 10:59