«Միջազգային կրօնական ազատութիւն եւ խաղաղութիւն» խորագիրով համաժողով Ս. Էջմիածինի մէջ «Միջազգային կրօնական ազատութիւն եւ խաղաղութիւն» խորագիրով համաժողով Ս. Էջմիածինի մէջ 

«Միջազգային կրօնական ազատութիւն եւ խաղաղութիւն» խորագիրով համաժողով Ս. Էջմիածինի մէջ

2020 թուականին Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան դէմ սանձազերծուած պատերազմէն ետք հայ հաւատացյալները զրկուած են պատմական վանքեր եւ եկեղեցիներ մուտք գործելու իրենց իրաւունքէն։ Առկայ է մտավախութիւն գրաւուած տարածքներուն մէջ հազարաւոր հայկական եկեղեցիներու, պատմական եւ հնագիտական վայրերու պահպանութեան առնչութեամբ:
Ունկնդրէ լուրը

Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ՝ 2021թ. Սեպտեմբեր 9-10 Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ կ՝իրականացուի «Միջազգային կրօնական ազատութիւն եւ խաղաղութիւն» խորագիրով համաժողով։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Մայր Աթոռի Տեղեկատուական համակարգը:

«Համաժողովին ընթացքին, որուն պաշտօնական բացումը կը կատարուի Սեպտեմբեր 9-ին, քննարկուելիք թեմաներէն են հակամարտութեան գօտիներու մէջ դէպի պաշտամունքի վայրեր մուտքի հնարաւորութիւնը, կրօնական եւ ցեղական փոքրամասնութիւններու պաշտպանութիւնը, հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանումը եւ այլ թեմաներ։

2020 թուականին Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան դէմ սանձազերծուած պատերազմէն ետք հայ հաւատացեալները զրկուած են պատմական վանքեր եւ եկեղեցիներ մուտք գործելու իրենց իրաւունքէն։ Առկայ է մտավախութիւն գրաւուած տարածքներուն մէջ հազարաւոր հայկական եկեղեցիներու, պատմական եւ հնագիտական վայրերու պահպանութեան առնչութեամբ:

Համաժողովին նպատակն է մէկ վայրի մէջ համախմբել տարբեր երկիրներէ ժամանած կրօնական առաջնորդները եւ յառաջատար գիտնականներն ու փորձագէտները՝ համաշխարհային հոգեւոր, մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան պահպանութեան մասին քննարկումներուն մասնակցելու։ Համաժողովին նպատակն է նաեւ մշակել միջազգային կրօնական ազատութեան եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման վերաբերեալ առաջարկներ, որոնք կրնան լայնօրէն կիրառուիլ յետագային:

Սիրով կը հրաւիրենք լրատուամիջոցները՝ լուսաբանելու Մայր Աթոռի կողմէ կազմակերպուող համաժողովին ընթացքը:

Գրանցուելու համար կը խնդրենք նախապէս դիմել Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Տեղեկատուական համակարգ՝ զանգահարելով +374(010)517-171, +374(010) 517-175 հեռախօսահամարներուն կամ գրելով՝ mothersee@etchmiadzin.am ել. հասցէին»:

Աղբիւրը` Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/09/2021, 08:14