Սահմանային լարուածութիւնը կը շարունակուի Սահմանային լարուածութիւնը կը շարունակուի 

Սահմանային լարուածութիւնը կը շարունակուի

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ 2 Օգոստոսին՝ կէսօրուան ժամը 11:20էն 12, Ատրպէյճանի զինուած ուժերը խախտեցին զինադադարի դրութիւնը

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սահմանային վիճակը շարունակեց լարուած մնալ շաբաթավերջին, ինչպէս նաեւ՝ 2 օգոստոսին։ Արդարեւ, պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ 2 Օգոստոսին՝ կէսօրուան ժամը 11:20էն 12, Ատրպէյճանի զինուած ուժերը խախտեցին զինադադարի դրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանի Երասխի, իսկ յետմիջօրէի ժամը 2:30ին` Կութ գիւղի հատուածին մէջ` տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բանալով հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ։

Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումներու հակազդող գործողութիւններէն ետք հակառակորդին կրակը դադրեցաւ: Հայկական կողմէ տուժողներ չկան։

31 Յուլիսին, առաւօտեան ժամը 6:30ին եւս Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները դարձեալ կրակ բացին Երասխի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ եւ փորձեցին ճարտարագիտական գործիքներու կիրարկումով ամրաշինական աշխատանքներ իրականացնել: Հայ դիրքապահներու պատասխան գործողութիւններէն ետք թշնամիին կրակը լռեց, ամրաշինական աշխատանքները դադրեցան:

Նոյն օրը, Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները սադրանքի դիմելով, այս անգամ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զէնքերով կրակ բացին թիկունքային ապահովման (ուտելիք տեղափոխող) ինքնաշարժի մը վրայ` լրջօրէն վնասելով զայն: Հայ դիրքապահներու պատասխան գործողութիւններէն ետք թշնամիին կրակը մարեցաւ։

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/08/2021, 08:00