Քապուլէն փախուստ Քապուլէն փախուստ 

Քապուլի օդակայանին մէջ իրարանցում. «Աֆղանիստանի պատերազմը վերջացաւ» կ՛ըսէ թալեպան շարժումի բանբերը

«Բոլորը կը հանգստացնենք, որ քաղաքացիներուն եւ դիւանագիտական առաքելութիւններուն անվտանգութիւնը պիտի ապահովենք: Մենք պատրաստ ենք բոլոր աֆղան անձնաւորութիւններուն հետ երկխօսութեան եւ պիտի երաշխաւորենք անոնց պէտք եղած պաշտպանութիւնը»,

Թալեպան շարժումի քաղաքական գրասենեակի բանբեր Մոհամետ Նայիմ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Աֆղանիստանի մէջ պատերազմը աւարտած է, եւ երկրին մէջ իշխանութեան տեսակն ու վարչակարգի ձեւը մօտ օրէն պիտի յստականան:

«Բոլորը կը հանգստացնենք, որ քաղաքացիներուն եւ դիւանագիտական առաքելութիւններուն անվտանգութիւնը պիտի ապահովենք: Մենք պատրաստ ենք բոլոր աֆղան անձնաւորութիւններուն հետ երկխօսութեան եւ պիտի երաշխաւորենք անոնց պէտք եղած պաշտպանութիւնը», ըսաւ ան:

«Ոչ ոքի պիտի արտօնենք մեր հողերը օգտագործել` թիրախաւորելու համար որեւէ կողմ, եւ չենք ուզեր ուրիշներուն վնաս հասցնել: Չենք ուզեր ուրիշներու հարցերուն միջամտել եւ պիտի չարտօնենք մեր հարցերուն միջամտել», աւելցուց ան:

Թալեպան շարժումէն պաշտօնատար մը երէկ յայտնեց, որ կառավարական շէնքերուն աւելի քան 90 առ հարիւրը կը գտնուի շարժումին վերահսկողութեան տակ, եւ զինեալներուն հրամայուած է անոնց որեւէ վնաս չհասցնել:

Թալեպանի այլ բանբեր մը «Պի.Պի.Սի.»-ին յայտնեց, որ վրէժխնդրութեան արարքներ պիտի չըլլան` նշելով. «Մենք ժողովուրդին եւ այս երկիրին ծառաներն ենք»:

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Աֆղանիստանի մայրաքաղաք Քապուլի միջազգային օդակայանին մէջ երկրէն քաղաքայիններու հեռացման ընթացքին կարգը ապահովող ամերիկացի զինուորները օդը նախազգուշական կրակոցներ արձակած են, երբ մեծ ամբոխը ներխուժած է էջուղի: Անվտանգութեան ուժերէ աղբիւր մը «ՌԻԱ Նովոսթի» գործակալութեան յայտնած է, թէ կրակոցին պատճառով քանի մը զոհ արձանագրուած է:

«Ժազիրա» կը հաղորդէ, որ օդակայանին մէջ քաոս կը տիրէ. տեղւոյն բնակիչները, որոնք կ՛երկիւղին թալեպաններէն, կուտակուած են միակ օդակայանի մուտքին մօտ, որ նոյնպէս գերբեռնուած է դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու աշխատակիցներով, որոնք երկրէն կը հեռացուին:

Նշենք, որ Աֆղանիստանի նախագահ Աշրաֆ Ղանի մէկ օր առաջ երկրէն փախուստ տուած էր: Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, ան Տաճիկիստան ապաստանած է: «ՌԻԱ Նովոսթի», յղում կատարելով Աֆղանիստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան, հաղորդեց, որ Աֆղանիստանի նախագահը փախած է դրամով լեցուած ինքնաշարժներով: Սակայն ամբողջ բեռը չէ տեղաւորուած ուղղաթիռին մէջ եւ մնացած է օդակայանին մէջ:

Մինչ այդ, Փենթակոն արտօնեց լրացուցիչ 1000 զինուոր ուղարկել Աֆղանիստան` այդպիսով երկրին մէջ գտնուող ամերիկեան ժամանակաւոր զօրակազմին թիւը բարձրացնելով 6000-ի: Անոնք պիտի ապահովեն Քապուլի օդակայանէն օտարերկրացիներու եւ արտասահմանի մէջ ապաստան ստացած աֆղաններու հեռացումը:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/08/2021, 07:00