Լիբանանի Քարիթասը Լիբանանի Քարիթասը 

Նախագահ Աուն Հայր Ապպուտի հետ քննարկեց ՔԱՐԻԹԱՍ-ի աշխատանքները

Հանդիպումին ընթացքին հայր Ապպուտ եւ Հաժժար նախագահ Աունին ներկայացուցին ՔԱՐԻԹԱՍ-ի տարած աշխատանքները` մարդասիրական եւ ծառայողական առումով, ինչպէս նաեւ անոր դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ՔԱՐԻԹԱՍ-ի Լիբանանի խորհուրդի նախագահ հայր Միշել Ապպուտը` ընկերակցութեամբ փոխնախագահ Նիքոլա Հաժժարի:

Հանդիպումին ընթացքին հայր Ապպուտ եւ Հաժժար նախագահ Աունին ներկայացուցին ՔԱՐԻԹԱՍ-ի տարած աշխատանքները` մարդասիրական եւ ծառայողական առումով, ինչպէս նաեւ անոր դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները:

Նախագահ Աուն դրուատեց մարդասիրական բոլոր հաստատութիւններուն, միութիւններուն եւ խորհուրդներուն աշխատանքը` երկրին դիմագրաւած այս դժուար պայմաններուն ընթացքին լիբանանցիներուն օժանդակելու իմաստով:

Նախագահ Աուն ընդգծեց ՔԱՐԻԹԱՍ-ի դերակատարութեան կարեւորութիւնը` լիբանանեան բոլոր շրջաններուն մէջ առանց խտրութեան գործելու եւ բոլոր կարիքաւորներուն հասնելու առումով:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ ՔԱՐԻԹԱՍ-ը Լիբանանի մէջ մարդասիրական ծառայութիւն կը մատուցէ, եւ անոր կարեւորութիւնը շեշտուած է յատկապէս վերջին երկու տարիներուն երկրին դիմագրաւած ընկերային եւ ապրուստի այս դժուար պայմաններուն ու տագնապներուն ընթացքին:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ մարդասիրական եւ բարեսիրական միութիւններուն դերակատարութիւնը օժանդակութեան ազդակ մըն է` պետութեան կողմէ տրամադրուած ծառայութիւններուն սակաւութեան լոյսին տակ:

Նախագահ Աուն մաղթեց, որ յաջորդող օրերը դրական զարգացումներ բերեն` կառավարութեան կազմութեան առումով:

Աղբիւրը` «Ազդակ»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/08/2021, 08:22