Նոր թաղամաս տեղահանուած ընտանիքներու համար Նոր թաղամաս տեղահանուած ընտանիքներու համար 

Ասկերանի Դահրաւ գիւղին մէջ նոր թաղամաս կը կառուցուի տեղահանուած ընտանիքներու համար

«100 տուն Արցախում» ծրագիրը կ՝իրականացուի «Ապրելու Արցախ» հիմնադրամին եւ «Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութեան» նախաձեռնութեամբ
Ունկնդրէ լուրը

Արցախի Հանրապետութեան Ասկերանի շրջանի Դահրաւ գիւղի վարչական տարածքին մէջ կ՝ընթանան նոր բնակելի թաղամասի կառուցման աշխատանքներ։ Առանձնատուները, ըստ ԱՀ Քաղաքաշինութեան նախարարութեան մամուլի քարտուղար Մարթա Դանիէլեանի, պիտի տրամադրուին պատերազմի հետեւանքով տեղահանուած 100 ընտանիքներու:

Դանիէլեանի տեղեկութիւններով՝ «100 տուն Արցախում» ծրագիրը կ՝իրականացուի «Ապրելու Արցախ» հիմնադրամին եւ «Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութեան» նախաձեռնութեամբ։ «Ընդհանուր տարածքը կը կազմէ 21 հա։ Բնակելի տուները պիտի ըլլան 3 եւ 4 սենեականոց։ Նոր բնակավայրի ճանապարհներու եւ հիմքերու կառուցման շինարարական աշխատանքներու ծախսերը կը հոգայ ԱՀ քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը»,- ընդգծած է Մ. Դանիէլեան՝ նշելով, որ շինարարութիւնը կ՝իրականացնէ «Կապիտալ Ստրոյ» ՍՊԸ-ն։

Աղբիւրը` «Եռագոյն»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/08/2021, 08:00