Մարմնամարզիկ Արթուր Դաւթեան Մարմնամարզիկ Արթուր Դաւթեան  

Մարմնամարզիկ Արթուր Դաւթեան պրոնզէ մետալ շահեցաւ

Ողիմպիական ախոյեան հռչակուեցակ քորէացի Շին Ճի Հուանը, որ վաստակեցաւ 14.783 նիշ: Նոյնքան միաւորով արծաթէ մետալակիր դարձաւ ռուս Տէնիս Ապլիազինը:
Ունկնդրէ լուրը

ԹՈՔԻՕ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականի անդամ Արթուր Դաւթեան 2 Օգոստոսին դարձաւ Ողիմպիականի պրոնզէ մետալակիր:

Ան հենացատկի աւարտականին հաւաքեց 14.733 կէտ եւ գրաւեց երրորդ հորիզոնականը:

Նոյն օրը, Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի անդամ եւ Ողիմպիական խաղերու ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան (97 քլկ.) ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, կիսաւարտականին 4-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իրանցի Մոհամատալի Սարավին: Ալեքսանեան կիսաւարտականին հասնելու համար նախապէս երկու յաղթանակներ եւս կերտած էր։

Աւարտականին ան պիտի մրցի Ռուսիան ներկայացնող Մուսա Եուլոեւի դէմ։

Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի անդամ Կարապետ Չալեան (77 քլկ.) երկու յաղթանակներ արձանագրելէ ետք, կիսաւարտականին պարտուեցաւ Ղըրղզիստանէն Աքզոլ Մախմուտովէն եւ պրոնզէ մետալի տիրանալու համար պիտի մրցի Իրանցի Մոհամատալի Հերայի դէմ:

Հայաստանի նոյն հաւաքականի առաջին ներկայացուցիչը՝ Արմէն Մելիքեան (60 քլկ.) առաջին մրցումին յաղթանակ մը արձանագրեց, սակայն պարտուեցաւ երկրորդ մրցումին:

Բռնցքամարտի մրցումներու ծիրին մէջ, Հայաստանի հաւաքականի անդամ Յովհաննէս Պաչքով (63 քլկ.) 4-1 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց ատրպէյճանցի Ճաւիտ Չելեպիեւի դէմ, ապահովելով քառորդ աւարտականի տոմսը, սակայն Արման Դարչինեան (75 քլկ.) աւարտեց իր պայքարը՝ քառորդ աւարտականին պարտուելէ ետք ֆիլիփինցի Էումիր Մարցիալէն:

Տղոց թենիսի մրցաշարքի աւարտականին, 25 տարեկան ռուսահայ Կարէն Խաչանով դարձաւ արծաթէ մետալակիր, աւարտականին 3-6, 16 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք գերմանացի Ալեքսանտր Զվերեւէն:

Վերջապէս, Հայաստանի լողի հաւաքականի անդամ Արթուր Բարսեղեան չյաղթահարեց 50 մեթր ազատ ոճի լողի զտումի հանգրուանը, արձանագրելով 23.14 երկվայրկրան արդիւնք մը:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/08/2021, 08:02