Մանուկներ Մանուկներ 

ԵՈՒՆԻՍԷՖի հետազօտութիւն մը ի յայտ կը դնէ Լիբանանի Մանուկներու կարիքներու ծանրութիւնը։

Լիբանանցի ընտանիքներուն 98% օգնութեան կարիք ունին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մէկ տարի առաջ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին զոհ գացին 200 անձինք որոնց շարքին նաեւ վեց մանուկներ մինչ վիրաւորներուն թիւն է 6.500, որոնց շարքին հազարէ աւելի մանուկներ։

2020ի 4 օգոստոսի Պէյրութի Նաւահանգիստի պայթումէն մէկ տարի ետք ԵՈՒՆԻՍԷՖի հետազօտութիւն մը ի յայտ կը դնէ լիբանանցիներուն ապրած ծանր տագնապին հետեւանքները։

Մանուկները տակաւին իրենց վրայ կը կրեն աղէտի հոգեբանական հետեւանքները

Արդարեւ լիբանանցի 10 ընտանիքներու վրայ եօթն դիմում ներկայացուցած են հիմնական օժանդակութիւններ ստանալու համար։ Մինչ 18 տարեկանէն վար զաւակներով ընտանիքներուն մէկ երրորդը հաստատած է թէ մանուկները տակաւին իրենց վրայ կը կրեն աղէտի հոգեբանական հետեւանքները մինչ չափահասներուն միջեւ այդ համեմատութիւնը կը հասնի յիսուն առ հարիւրի։

Երեք ընտանիքներու վրայ երկուքը` (68,6%)` պայթումէն ետք կարելիութիւն չունեցան դիմելու առողջապահական խնամատարութեան կամ դեղերու եւ անոնցմէ չորսէն մէկը ընտանիքին մէջ ունեցաւ Քովիտ19 ժահրէն վարակուած հիւանդ մը։

«Այդ ահռելի աղէտէն մէկ տարի ետք մանուկներուն կեանքը տակաւին կը մնայ խոցելի» յայտարարած է Եուքի Մոքուն` ԵՈՒՆԻՍԷՖի ներկայացուցիչը Լիբանանի մէջ, աւելցնելով` որ «ընտանիքները կը պայքարին վերականգնելու համար այդ պայթումի հետեւանքներէն, ժամանակահատուածի մը ընթացքին երբ Լիբանանը թիրախ է տնտեսական ծանր տագնապի ու համաճարակին յառաջացուցած առողջապահական ճգնաժամին»։

Մանուկներն ու անոնց իրաւունքները առաջնահերթութիւն

ԵՈՒՆԻՍԷՖը կոչ ուղղած է որպէսզի Լիբանանի մէջ մանուկներն ու անոնց իրաւունքները առաջնահերթութիւն դառնան։ Այս կը նշանակէ անոնց մատչելի դարձնել առողջապահական ծառայութիւնը, սնունդը ու բռնութիւններէն եւ չարաշահումներէն պաշտպանութիւնը։

ԵՈՒՆԻՍԷՖը ապա կը պահանջէ որ քաղաքական գործիչները մէկդի դնեն իրենց քաղաքական համոզումները ու միանան կազմելու համար կառավարութիւն մը, որուն նպատակը ըլլայ թիկունք կանգնիլ լիբանանի հասարակութեան, ու ընտանիքներուն, երաշխաւորելով արդարութիւնը, հանրային ծառայութիւններ, որոնք հիմնական են նաեւ մանուկներու աճումի ու զարգացման համար որոնց ծիրէն ներս նաեւ ջուրի մատչելիութիւնը

ԵՈՒՆԻՍԷՖը հուսկ կը պահանջէ նաեւ լուրջ եւ թափանցիկ հետաքննութիւն մը պարզելու համար պայթումին պատճառները ու արադրութիւն պարգեւելու պայթումէն տուժած ընտանիքներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/08/2021, 11:59