Ստրուկներու առուտուրի յիշատակի ու անոր վերացման նուիրուած Միջազգային օրը Ստրուկներու առուտուրի յիշատակի ու անոր վերացման նուիրուած Միջազգային օրը 

Ստրուկներու առեւտուրի վերացումը եւ ստրկութիւն նոր ձեւերը։

23 օգոստոսին կը յիշատակուի Ստրուկներու առուտուրի յիշատակի ու անոր վերացման նուիրուած Միջազգային օրը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

23 օգոստոսին կը յիշատակուի Ստրուկներու առուտուրի յիշատակի ու անոր վերացման նուիրուած Միջազգային օրը։ Օրը հաստատուած է ՄԱԿ-ի կողմէ որպէս նպատակ ունենալով բոլոր ազգերու մտքին մէջ դրոշմել ստրուկներու առեւտուրի ողբերգութեան յիշատակը ու նաեւ յիշատակել 1791ի օգոստոս 22էն 23 երկարող գիշերուան ընթացին, 230 տարիներ առաջ, երբեմնի Սանթօ Տոմինկօ կղզիին վրայ, այսօրուան Հայիթին, սկիզբ առած ապաստամբութիւնը, զոր գլխաւորեց նախկին ստրուկ Հրամանատար Թուսսէն Լուվերթիւրը, եւ որ շրջադարձային պահ մը դարձաւ ստրուկներու անդրատլանտեան առեւտուրի վերացման ուղղութեամբ մղուած պայքարին համար։

“«Միասին աշխատինք արմատախիլ ընելու համար ժամանակակից ստրկութեան պատուհասը որ տակաւին այսօր միլիոնաւոր մարդիկ կը շղթայէ անմարդկութեան եւ նուաստացումին։ Իւրաքանչիւր անհատ Աստուծոյ պատկեր է եւ ազատ է ու սահմանուած ապրելու հաւասարութեան ու եղբայրութեան մէջ». Ֆրանչիսկոս Պապ”

Ստրկութեան նոր ձեւեր

Այդ ամօթալի առեւտուրը վերացուած է արդեն, սակայն այսօր աշխարհին մէջ տարածուած են ստրկութեան նոր ձեւեր։ Այս առնչութեամբ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը բազմիցս դատապարտած է այդ մարդու արժանապատուութիւնը ոտնակոխ ընող իրողութիւնը։

«Հակառակ բոլորին ջանքերուն, արդի ստրկութիւնը կը շարունակէ ըլլալ ծանր պատուհաս մը, որ ներկայ է համայն աշխարհին մէջ» յայտնած էր Սրբազան Պապը 2014ին, կրօնապետերու կողմէ ստորագրուած ստրկութեան դէմ յայտարարութեան արարողութեան ընթացքին։

Ան ապա հաստատած էր թէ` «Արդի ստրկութիւնը ոճիր մըն է մարդկութեան դէմ։ Անոր զոհերը բոլոր խաւերու պատկան մարդիկ են բայց յաճախ ան ի յայտ կու գայ մեր աւելի աղքատ եւ դիւրաբեկ եղբայրներուն ու քոյրերուն մօտ» ըսած էր Սրբազան Պապը.

Նշենք թէ աշխարհի մէջ նոր ստրկութեան թիրախ անձերուն թիւը գնահատուած է մօտ 40 միլիոն։ Ան երեք անգամով աւելի շատ է քան անդրատլանտեան ստրուկներու առեւտուրի շրջանին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/08/2021, 09:10