Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետեւանքը Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետեւանքը 

«Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն տարի մը յետոյ արդարութիւնը կը շարունակուի մնալ անտեսուած» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Երեքշաբթի, լիբանանահայութիւնը հրապարակային հանդիսութեամբ պիտի նշէ պայթումին տարելիցը, նաեւ մասնակից պիտի դառնայ 4 Օգոստոսին նաւահանգիստին մէջ տեղի ունենալիք հաւաքական աղօթքին
Ունկնդրէ լուրը

«Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն տարի մը յետոյ արդարութիւնը կը խարունակուի մնալ անտեսուած»։

Այս խիստ բառերով իր ընդվզումը արտայայտեց Վեհափառ Հայրապետը Cilicia TV-ին, այս առաւօտ Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերու հոգիներուն համար կատարուած հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք:

Նորին Սրբութիւնը իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ «արդարութիւնը չի կրնար զոհը դառնալ քաղաքական նկատումներու ու անձնական հաշիւներու: Ինչ որ պատահեցաւ տարի մը առաջ, Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ, չի կրնար հեռու մնալ հաշուետուութենէ: Պատասխանատուները ժողովուրդին պէտք է հաշիւ տան՝ իրենց անպատասխանատու վերաբերումին համար: Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը ո՛չ միայն պատճառ դարձաւ հսկայ քանդումներու ու բազմաթիւ զոհերու, այլ նաեւ յստակօրէն պարզեց կարգ մը պետական պատասխանատուներու անփոյթ ու անխիղճ վերաբերումը՝ իրենց վստահուած պաշտօններուն նկատմամբ: Ժողովուրդը հաշուետուութիւն ու արդարութիւն կը պահանջէ»:

Յայտնենք, որ յառաջիկայ Երեքշաբթի, լիբանանահայութիւնը հրապարակային հանդիսութեամբ պիտի նշէ պայթումին տարելիցը, նաեւ մասնակից պիտի դառնայ 4 Օգոստոսին նաւահանգիստին մէջ տեղի ունենալիք հաւաքական աղօթքին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/08/2021, 09:02